Շաբաթ, 17 Նոյեմբեր 2007 - Համաշխարհային Խաղաղութեան Կազմակերպութիւնը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Լիբանան

Շաբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2007ին առաւօտեան ժամը 10:30ին, Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Համաշխարհային Խաղաղութեան Կազմակերպութենէն պատուիրակութիւն մը որուն մաս կը կազմէին ընդհանուր պատասխանատու Լիբաբանի բաժնին՝ Տէր եւ Տիկ. Թոմաս եւ Հերմինէ Շէլըն, Լիբանանի Սիւննի համայնքի ընդ‎հանուր դատաւոր՝ Շէխ Մհամմատ Քանաան, AUST համալսարանի մարդկային գիտութիւններու Տնօրէն՝ Տոքթ. Ճորճ Մասսէ եւ կազմակերպութեան անդամ՝ Մհեր Գալէնտէրեան:
Պրն. Թոմաս Հոգեւոր Տիրոջ փոխանցեց լայն տեղեկութիւններ  կազմակերութեան հիմնադրութեան եւ նպատակներուն մասին իբր խաղաղութեան ձգտող հիմնարկ միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային երկխօսութեան ճամբով:
Պրն. Մհեր խօսեցաւ նախորդ տարուան նախաձեռնութիւններու մասին, որոնցմէ մէկն էր ծանօթացնել Ամերիկացի կրօնական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու Լիբանանի տարբեր պատմական վայրերը որ ընգրկեց Զմմառու դարաւոր վանքը: Ապագայ ծրագիրներու ծիրէն ներս, Պրն.Թոմաս Հոգեւոր Տիրոջ հրաւիրեց մասնակցելու համաշխարհային խաղաղութեան համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 28էն Դեկտեմբեր 1 Ուաշինկթընի մէջ:

 

 

 



Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ