Պէյրութ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին, արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան մատուցանեց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, առընթերակայութեամբ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին եւ փոխ ժողովրդապետ տէր Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանին: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կիլիկիա» երգչախումբը: Իր քարոզին մէջ, արհիապատիւ Պաթագեան յիշեցուց հաւատացեալներուն այս տօնին կարեւորութիւնը եւ պատրաստեց զանոնք աւագ շաբթուան արարողութիւններուն:
Իսկ Աւագ Հինգշաբթի 17 ապրիլի յետմիջօրէին, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ոտնլուայի արարողութիւն հանդիսադրութեամբ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի եւ մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին եւ փոխ ժողովրդապետներ՝ հայր Պերճին եւ տէր Կարապետին: Անոնց միացաւ նաեւ գերյարգելի տէր Յովսէփ վարդապետ Պէզեզեանը, որ ժողովրդապետն է Հալէպի «Սուրբ Երրորդութիւն» Զուարթնոց եկեղեցւոյ, եւ որ Սուրիոյ կացութեան պատճառով Հալէպ վերադարձը յետաձգած էր: Ժողովրդապետ հայրը հրաւիրեց տէր Յովսէփը որ ինք կատարէ ոտնլուայի արարողութիւնը: Տէր Յովսէփ իր քարոզին մէջ շեշտեց խոնարհութեան եւ սիրոյ կարեւորութիւնը Աւագ Հինգշաբթի օրուան խորհուրդին մէջ: Առաքեալներու նմանութեամբ ոտնլուայի համար հրաւիրուած էին քեսապահայեր, մեծ եւ փոքր տարիքով: Ժողովրդապետ հայրը ըսաւ թէ մենք այժմ կատարեցինք ոտնլուան, ինչպէս որ Յիսուս խնդրած էր մեզմէ: Կատարեցինք նաեւ այն ինչ որ ըսած էր որ ընենք իր յիշատակին, սուրբ Հաղորդութեան մասին: Ապա ան ըսաւ թէ Յիսուս այժմ կը խնդրէ որ մենք ալ իրեն պէս մեր խաչը առնենք ու բարձրանանք դէպի Գողգոթա, քրիստոնեայի յատուկ հոգեկան խաղաղութեամբ:
Արարողութեան աւարտին, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան պատրիարքարանի դահլիճը, շնորհաւորելու համար քահանաներու տօնը: