Երկուշաբթի, 24 Յունիս 2013 - Կիրակնօրեայ Խօսքը. Շատախօսները Թող Չկարդան Այս Սիւնակը…

Սիրելի՛ ընթերցող, այո՛, շատախօսները թող չկարդան այս սիւնակը, որպէսզի չմեղանչեն իրենց շատախօսութեան, իրենց պարապորդութեան եւ իրենց չարախօսութեան դէմ…
Մեր Ս. եկեղեցին երէկ տօնեց «Գիւտ նշխարաց սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին»: Այս հայադրոշմ տօնին առիթով, եկո՛ւր, միասնաբար խորհրդածենք մեր «հաւատքին հօր» մասին:
Քանի չեմ գիտեր, թէ դուն ի՛նչ գիտես կամ ի՛նչ կը մտածես Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասին, թոյլ տուր տրուպիս` խօսիլ անոր լռասիրութեան ու լռութեան մասին, եւ այն` յատկապէս խորվիրապեան ժամանակաշրջանին ընթացքին:
Նախ ըսեմ, որ Հայաստան այցելած ատենդ անպայման երթաս Խոր Վիրապ եւ իջնես  այն նկուղը, ուր Ս. Գրիգոր նետուեցաւ 14 տարիներ: 1998-ին գացի, տպաւորուեցայ եւ տակաւին անոր հոգեմտաւոր ներազդումներուն ներքեւ կ՛ապրիմ:
Արդէն այդ պահուն հարցումս էր եւ այսօր հարցադրումս է. «Ս. Գրիգոր ի՞նչ ըրաւ եւ ի՞նչպէս անցուց դժնդակ տարիները…»:
Անկասկած աղօթեց ու խորհրդածեց. աղօթեց եւ ծոմապահեց. աղօթեց ու տառապեցաւ. աղօթեց եւ երգաբանեց. աղօթեց ու բերկրեցաւ. աղօթեց եւ հաւատաց. աղօթեց ու վստահեցաւ. աղօթեց եւ յուսաց. աղօթեց ու սիրեց. աղօթեց եւ անդորրացաւ. աղօթեց ու յաղթանակեց:
Այս բոլոր արարքներուն մէջ եւ ընթացքին` Ս. Գրիգոր լռեց ու լուռ կեցաւ. այս իսկ պատճառով ան կրցաւ` աղօթել, խորհրդածել, ծոմապահել, տառապիլ, երգաբանել, բերկրիլ, հաւատալ, վստահիլ, յուսալ, սիրել, անդորրանալ եւ յաղթանակել:
Այսպէս, Ս. Գրիգորի լռութիւնը, սակայն, չէր ըլլար լուռ վիճակ, անխօսութիւն ու պապանձում, այլ Աստուծոյ կարգադրութեան խօսուն համակերպումն էր, Տիրոջ ծրագրին արտայայտիչ հնազանդութիւնն էր:
Ս. Գրիգոր կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը: Երբ կրնաս լռել եւ լռասիրել, մինչեւ որ գործդ ու տառապանքդ հաստատեն առաքելութիւնդ կամ առաքինութիւնդ, այն ատեն կը փաստես, թէ անտարակոյս Աստուծոյ մարդն ես դուն, նոյնիսկ եթէ ուրախութեամբ եւ լռութեամբ կը հանդուրժես անիրաւութեան ու տաժանքին:
Իր խօսուն լռութեամբ ու բերրի լռասիրութեամբ, Ս. Գրիգոր կը հաւաստէ եւ կը յիշեցնէ արդի մարդերուս մոռցած այս սուրբգրային սահմանումները. «Ան, որ իմաստուն է, կը լռէ (Ամս. 5,13): Իմաստուն մարդը կը սիրէ լռութիւնը (Առ. 11,12): Լռութիւնը իմաստութիւն է» (Սիր. 19,28):
Եզրայանգումը շատ պարզ է: Լռութիւնը եւ իմաստութիւնն անբաժանելի են իրարմէ: Լռութիւնը կռուանն է իմաստութեան: Իմաստութիւնը դարբնոցն է լռութեան: Կամ` փոխադարձ:
Աշխարհը չի տուայտիր լռողներէն, այլ կը տառապի շատախօսներէն: Մարդը, ընդհանրապէս, ինքզինք զոհած է շաղակրատութեան, իսկ երիտասարդը եւ երիտասարդուհին ալ (եւ ոչ միայն անոնք, այլ նաեւ` չափահասնե՜ր ու ծնողնե՜ր…) իրենք զիրենք դարձուցած են զոհերը, օրինակի համար, սիրասպան-աւերիչ Դիմատետրին եւ անբարոյ-շաղփաղփ «Ուաթց ափ»-ին, որոնց դժոխայնութեան մասին պիտի գրեմ օր մը…
Միջանկեալ հարցնեմ, թէ ի՛նչ կ՛ըսես, եթէ այս օրերուն Ֆերմանախի մէջ ժողովականները օրը մէկ ժամ յատկացնէին աղօթող ու խորհրդածող լռութեան, շատ աւելի արդիւնաւոր եւ խաղաղարար պիտի ըլլային անոնց խօսակցութիւնները… Այս ութ նախագահներն ու վարչապետները ա՛լ սորվելու են պատմութենէն, թէ իրենցմէ շատ աւելի խելացի, ճարտար, դիւանագէտ ու հզօր ղեկավարներ եկած եւ գացած են ապարդիւն, որովհետեւ աւելի միտ դրին իրենց ճոռոմաբանութեան ու շաղփաղփութեան, քան` ստեղծագործ լռութեան, որուն մէջ կրնային լսել իրենց խղճին թելադրանքը, Աստուծոյ ձայնը:
Յստակ է տիեզերական իմաստութիւնը, թէ շատ լռելուդ համար երբեք պիտի չզղջաս, բայց շատ խօսելուդ համար պիտի ստրջաս շատ ստէպ:
Յստակ է տիեզերական իմաստութիւնը, թէ գիտակից լռութիւնը բանալին է ներքին խաղաղութեանդ, ժամանակիդ լաւագոյն օգտագործումին, արդիւնաւէտ կեանքիդ:
Տիեզերական Իմաստութիւնը «Բանն է, եւ Բանն` Խօսքը Աստուած է» (Յվհ. 1,1), որ կը սիրէ լռութիւնն ու զայն գործադրողը, կ՛արդիւնաբերէ լռասիրութիւնն ու կը կատարելագործէ լռասիրողը:
Լռութեան մէջ Աստուած ստեղծեց աշխարհը: Լռութեան մէջ կրնանք լսել Խօսքը, հասկնալ Բանն ու յայտնաբերել Տիեզերական Իմաստութիւնը:
Լռութեան մէջ Աստուած խօսեցաւ Աբրահամին, Յակոբին, Մովսէսին, առաքեալներուն եւ մեր Լուսաւորչին. անոնք հանդիսացան իր ընտրեալները. անոնց Թագուհին է Մարիամ  Կոյսը, որուն լռութեան մէջ խօսեցաւ եւ հրաւիրեց Աստուածամայրութեան առանձնաշնորհին:
Լռութեան մէջ կրնանք աղօթել Խօսքին ու խօսիլ Բանին: Լռութեան մէջ կրնանք ճանչնալ, երբ Ան մեզի կը խօսի, մեզ կը կանչէ, մեզ կը հրաւիրէ եւ մեզ կը սիրէ:
Լռութեան մէջ միայն կրնանք լսել խօսուն լռութիւնը: Մտիկ ընե՛նք անոր: Շնչե՛նք լռութիւնը: Արտաշնչե՛նք լռութիւնը: Խորասուզուի՛նք լռութեան մէջ: Ընդունի՛նք լռութիւնը: Համտեսե՛նք լռութիւնը: Վայելե՛նք լռութիւնը:
Լռութիւնը մեր բարերարն է: Լռութիւնը կը զարգացնէ մեզ: Լռութիւնը կ՛անդորրացնէ մեզ: Լռութիւնը կը հանգստացնէ մեզ: Լռութիւնը կը զօրացնէ մեզ: Լռութիւնը կ՛ազատագրէ մեզ:
Ինչպէս մեր թոքերը պէտք ունին մաքուր օդին, նոյնպէս մեր սրտերը կը տենչան լռութեան: Լուռ եւ լռասէր Յիսուսի Սրտին համապատասխան ստեղծուեցան մեր սրտերը: Ուրեմն թոյլատրե՛նք, որ լռասէր այս տենչը զօրանայ մեր մէջ: Ձգե՛նք, որ նուաճէ մեզ: Զայն դարձնե՛նք անհրաժեշտութիւն:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ` քրիստոնէական լռութիւնը մեզի տրուեցաւ իբրեւ պայմանը մեր հանդիպումին Բանին, Խօսքին, Աստուծոյ` մեր աղօթքին մէջ, մեր տառապանքին ընթացքին, մեր ընկերոջ հետ եւ մեր յաւերժութեան համար:
Կը գործադրենք լռութիւնը, ապա կը դառնանք մեր «հաւատքի հօր» հոգեհարազատները` աստուածահաճո՛յ, եղբայրասէ՛ր, ազգօգո՛ւտ, հայրենանուէ՛ր ու մարդկայնակա՛ն, ինչպէս նաեւ կը մնանք խաղա՛ղ ու ժպտո՛ւն, գո՛հ եւ յաղթակա՛ն:
Մեր լռութեան խօսքը հնչո՛ւն է: Մեր լռասիրութեան երգը խօսո՛ւն է: Առաջինին մտիկ կ՛ընէ Բանն-Խօսքը, որ երկրորդով կը զմայլի աստուածօրէն…
 
Այնճար, 16 յունիս 2013
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ