Երկուշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2011 - Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի «ՍԱՆ ՄԸ ՈՐԴԵԳՐԷ» ծրագրին ի նպաստ բարեսիրական ընթրիք


Պուրճ Համմուտ

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2011-ի երեկոյեան ժամը 9։00-ին, □Մեթրոփոլիթըն Փալաս□ հիւրանոցի □Նուրա Հոլ□ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի աւանդական դարձած տարեկան բարեսիրական ընթրիքը, ի նպաստ □Սան Մը Որդեգրէ□ ծրագրին։ Ընթրիքին ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, բարերարներ, վարժարանի բարեկամներ, տեսչական կազմի անդամներ եւ օժանդակ մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի բարեկամներէն՝ Մհեր Գալենտէր¬եան, յատկապէս շեշտը դնելով հայ վարժարանի մը, որպէս հայապահպանութեան գոր¬ծըն¬թա¬ցի կարեւորագոյն օղակին թիկունք կանգնելու անհրաժեշտութեան վրայ։
Վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ ներկաներուն փոխանցելով իր սրտի խօս¬քը, ներկայացուց վարժարանին այսօրուան իրավիճակը տարբեր կէտերէ մեկնած։
Յարմար առիթ նկատելով օրուան հաւաքը, պարոն Տնօրէնի խնդրանքով, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Մեսրոպեանի ողջ անձնակազմին անու¬նով յուշանուէր մը յանձնեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեանին առ ի երախտագիտութիւն անոր երկարամեայ ծառայութեան Մեսրոպեան վարժարանին։
Բարեսիրական ընթրիքի ընթացքին, որուն ներկայ էր վարժարանի մնայուն եւ անկեղծ բարե¬կամ ու բարերար Տիար Վարուժ Ներկիզեան, առ ի գնահատանք ու երախտագիտութիւն անոր վար¬ժարանին նուիրուածութեան, յատուկ յուշանուէր՝ □Սուրբ Աւետարան□-ը յանձ¬նեց հայր Վարդան եպս. Աշգարեան։ Խօսք առնելով, վարժարանի բարերարը նշեց, որ շուտով, Մարտ 8-ին, Տուպայի մէջ անձամբ կը կազմակերպէ բարեսիրական ճաշկերոյթ մը, ի նպաստ լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու։
Ընթրիքի ընթացքին նաեւ յատուկօրէն մեծարուեցան Տէր եւ Տիկ. Էտկար եւ Էլիզապէթ Սիուֆիները, որոնց եպախտագիտական յուշանուէր յանձնեց Լիբանանահայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ՝ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը։
Նշենք, որ վերոնշեալ բարեսիրական ընթրիքին ի նպաստ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի □Սան Մը Որդեգրէ□ ծրագրին հանգանակուեցաւ շօշափելի գումար։

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ