Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015 - Արհիապատիւ Միրիաթեան կ'այցելէ վեհափառին

 

Անթէլիաս

 

Հինգշաբթի, 22 յունուար 2015-ի առաւօտուն,Արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեան Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի հետ այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին:

Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները: Հոգեւոր հայրերը վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին վերջին ամիսներուն ընթացքին շտապ օգնութեան մարմինի կատարած աշխատանքներուն մասին: Անոնք նաեւ պարզեցին սուրիահայութեան դժուարութիւններն ու կարիքները, յատկապէս տնտեսական եւ ապահովական մարզերուն մէջ:

Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող միասնական աշխատանքը եւ անոնց յարատեւ ու նուիրեալ ճիգը օգտակար հանդիսանալու հայ ժողովուրդին կարիքաւոր զաւակներուն: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ