Պէյրութ, Լիբանան
Ուրբաթ, 26 Մարտ 2010-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Հայաստանի հանրապետութեան սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին, այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Եկեղեցւոյ հոգեւոր Հայրերուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին, Հոգեւոր Տէրը նախ բարի գալուստ մաղթեց նախարարին եւ յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն եւ հաստատ դիրքը հայ պետականութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդին կողքին: Ապա արծարծուեցան զանազան նիւթեր, որոնք կ'առընչուին Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան մասին, համահայկական ազգային խորհուրդ ծրագրի գործադրման հնարաւորութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ հայադարձութեան հիմնախնդիրին մասին իսլամացած հայերուն պարագային:
Հանդիպման աւարտին, Հոգեւոր Տէրը նախարարին նուիրեց յուշանուէր մը, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբապատկերով: Տիկին Հրանուշ Յակոբեան իր կարգին նուիրեց նախարարութեան կողմէ հրատարակած զանազան գիրքեր: