Զմմառ, Լիբանան
Երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Գէորգ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը կազմակերպեց ուսուցչական ՛՛միօրեայ սեմինար՛՛ մը Զմմառու Տիրամօր մայրավանքէն ներս, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ 26 Սեպտեմպեր, 2009ին:
Առաւօտեան ժամը 9ին, ուսուցչական կազմը ներկայ էր Վերափոխումն Աստուածածին եկեղեցին, մասնակցելու պատարագին, զոր պատարագեց Հայր Նարեկ Լուսեան:
Յետ պատարագին արարողութեան, ուսուցիչները մեկնեցան վանքին դահլիճը, ուր հանդիպում ունեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր ծանօթանալով ուսուցչական կազմին, շեշտեց ուսուցչական ասպարեզի անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի սրբազան առաքելութիւնը:
Հոգեւոր Տէրը ըսաւ, թէ ուսուցիչին վերպահուած է ազգին ճակատագիրը: Անոր շունչմ ու ոգին միշտ վառ կը մնան Հոգեւորին հետ հանդիպումէն ետք, ՛՛միօրեայ սեմինարը՛՛ սկիզբ առաւ վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Պօյաճեանի ողջոյնի խօսքով: Տիկին Պօյաճեան դպրոցի եւ կրթութեան դերին գնահատակը կատարելէ ետք, անհրաժեշտ նկատեց ուսուցիչներու վերապատրաստման հարցի քննարկումը, ուսումնական ծրագիրի համադրումը, ինչպէս նաեւ դպրոցական կանոններու հետեւողական կիրարկման ձեւերը:
Տնօրէնուհին շնորհեց ուսուցչական կազմին միացող , նոր ուսուցիչները, մաղթելով լաւագոյն ջանքերով նպաստեն վարժարանի վերելքիները:
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարին եւս, Տնօրէնուհին պատուեց այն ուսուցիչները, որոնք անցեալ տարեշրջանին լաւագոյն պատրաստած էին պետական քննութիւներուն աւարտական աշակերտներուն:
՛՛Միօրեայ Սեմինար՛՛ի աւարտին, դասանիւթերու բաժանմունքներու պատասխանատուներ խումբերու բաժնուելով ներկայացուցին իրենց զեկուցումները եւ քննատկեցին տարեկան ծրագիրները:
Յետ ՛՛Սեմինար՛՛ին, ուսուցչական կազմը Հայր նարեկ Լուիսեանի ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Քրէյմ վանքը, ուր Հայր Նարեկ ամփոփ կերպով ներկայացուց կաթողիկէ համայնքին կազմաւորումը վանքէն ներս 18րդ դարուն:
՛՛Միօրեայ Սեմինար՛՛ը իր դրական մասնակցութիւնը ունեցաւ, աւելի խանդավառ եւ բարձր տրամադրութեամբ պիտի դիմաւորեն 2009-2010 տարեշրջանը: