Երեքշաբթի, 10 Մարտ 2009 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան Առթիւ

Վատիկան, Իտալիա

Յառաջիկայ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, Ծաղկազարդի Կիրակիին (Ապրիլ 5), Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետը կը խնդրէ կաթողիկէ երիտասարդներէն հեռանան յոռի եւ վատ դաստիարակիչներէ, վարժապետներէն եւ թիւր երազներէ ինչպէս «արծաթսիրութիւնը եւ պաշտօնի ու դիրքի նիւթապաշտութիւնը»:

Յոյսի տագնապը աւելի կը հարուածէ նոր սերունդը, որ կ’ապրի ընկերամշակութային վատառողջ միջավայրի մը մէջ, զուրկ արժէքներէ եւ կանչուած դիմագրաւելու դժուարութիւնները, որոնք իր ոյժերէն վեր են, կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը: 2009-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան բնաբանն է, «Մեր յոյսը դրած ենք ողջ Աստուծոյ վրայ» քաղուած Պօղոս առաքեալի Տիմոթէոսի ուղղուած թուղթէն:

Իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ որոշ խոչընդոտներ, որոնք աննուաճելի կը թուին ինչպէս «Ուսում ստանալու դժուարութիւն, աշխատանքի պակաս, ընտանեկան անհասկացողոիթիւն նաեւ դժուարութիւններ բարեկամներու հետ, կապ հաստատելու կամ նոր օճախ կազմելու, հիւանդութիւն եւ եկամուտի պակաս, որպէս հետեւանք տնտեսական կամ ընկերային տագնապի»: Յոյսի շահը վեր պահելու համար, Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ երիտասարդները որ կապ հաստատեն Տիրոջ հետ աղօթքի միջոցաւ, շեշտելով թէ Աղօթքը, Ս. Հոգւոյն շնորհքն է, որ մեզ կը դարձնէ յոյսի մարդիկ: 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ