Չորեքշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2012 - Դամասկոսի պատրիարքները համախոհութիւն յայտնեցին Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Հօր կեցուածքին Լիբանանի մէջ

Պէյրութ

Դամասկոսի հոգեւորականները գլխաւորութեամբ՝ յոյն ու ասորի կաթողիկէ եւ ուղղափառ պատրիարքներուն, որոնք Լիբանան գտնուեցան Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան քահանայապետի այցելութեան ընթացքին, իրենց համախոհութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօր կեցուածքին, Սուրիոյ մէջ ի զօրու ընդհարումի խաղաղ լուծումին ի խնդիր, երկխօսութեան ու հաշտութեան միջոցաւ։

Պատրիարքները Սրբազան Քահանայապետին հետ միասին համաձայն են, որ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ անփոխարինելի է։ Իրենց Միացեալ յայտարութեան մէջ պատրիարքները կը գրեն, որ Քահանայապետը որպէս բարոյական գերագոյն հեղինակութիւն մեծ ուղղութիւններ մատնանշեց Սուրիոյ տառապալից կացութեան մասին, առանց սակայն մտնելու քաղաքական դաշտէն ներս. յիշեցնելով՝միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութիւնը փրկելու կեանքերը բնաչկութեանց եւ մասնաւորապէս փոքրամասնութիւններու կեանքերը։ Պատրիարքները մասնաւորապէս գնահատեցին այն անցքը, ուր Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ որ իւրաքաքնչիւր քրիստոնեայ պէտք է դառնայ միջոց խաղաղութեան ու հաշտութեան Միջին Արեւելքին մէջ, ըսելով. «ոչ ծայրայեղութեան, բռնութեան, զէնքին՛ Այո խաղաղութեան, երկխօսութեան ու հաշտութեան»։ Մենք վստահ ենք (կ'եզրափակեն պատրիարքները), որ այս ճամբորդութիւնը պտուղ պիտի տայ եւ հզօր խթան մը պիտի հանդիսանայ նոր ուղի մը գտնելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար։

http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=622245


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ