Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2006 - Գիր Ողջոյնի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան 100 Ամեակին Առիթով
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հարիւրամեակը, որ այս տարի կը տօնակատարուի Միութեան վաստակին ու վարկին համապատասխան շուքով, չի կրնար անտարբեր ձգել Մեզ եւ Մեզի հետ համայն Հայութիւնը, որովհետեւ եթէ յետադարձ ակնարկ մը նետենք անոր հարիւրամեայ գործունէութեան վրայ, պիտի նկատենք թէ անցնող մէկ դարու ընթացքին հայ ժողովուրդը, ուր որ ալ գտնուած է, առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն վայելած է այս մեծ Միութեան բարիքը, որ մեր նորագոյն պատմութեան զանազան հանգրուաններուն յաճախ վճռորոշ դեր ունեցած է մեր ժողովուրդի գոյերթին համար:
Ճամբայ ելլելով իր ծննդավայր Գահիրէէն՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ը նախախնամական դեր ունեցած է աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի վերականգնումին ու ճակատագրի բարելաւման համար, հասնելով անոր բարոյական ու մտաւոր զարգացման եւ տնտեսական վերելքին համար կենսական բազմատեսակ կարիքներուն՝ մշակութային, կրթական, երիտասարդական, բարեսիրական, ընկերային, խնամատարական մարզերէն ներս:
Հ.Բ.Ը.Միութիւնը վճռորոշ մնայուն ներկայութիւն մը եղած է Սփիւռքի հայաբնակ այն բոլոր մեծ ու փոքր օճախներուն մէջ, ուր հայ ժողովուրդը անոր օգնութեան կարիքը զգացած է նախ կառուցանելու եւ ապա կանգուն պահելու համար իր ինքնութեան ու գոյապայքարին կռուանները եւ առաջին հերթին Հայ Դպրոցն ու Եկեղեցին:
Կասկած չունինք որ այսօր, իր միջոցները վերանկախացած Հայաստանի պետութեան հզօրացման եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի բարօրութեան ու բարգաւաճութեան ի սպաս դնելու հրամայականին առջեւ գտնուելով հանդերձ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ իր բարերար դերակատարութիւնը հայկական բոլոր գաղթօճախներէն ներս, որպէսզի անոնք կարենան դիմագրաւել իրենց ինքնութեան սպառնացող նորատիպ վտանգները եւ իրենց գոյապայքարին առջեւ ծառացող յարաճուն դժուարութիւնները: Իբրեւ զինք ծնած ժողովուրդին կարիքները հոգալու միջոց, եւ խթան՝ այդ ժողովուրդին գոյապայքարը զօրացնող մշակութանուէր, ազգանուէր, եկեղեցանուէր, կրթանուէր եւ բարենպատակ գործունէութիւններուն, այդ դերակատարութիւնը անշուշտ նոր ծաւալ ու որակ կը ստանայ համաշխարհային նորաստեղծ պայմաններուն եւ համաշխարհայնացման համայնակուլ յորձանքին բերումով: Բայց, Հ.Բ.Ը.Մ.ը գիտցած է ու կրցած իր ծրագիրներն ու գործունէութիւնը պատշաճեցնել ժամանակի պահանջներուն ու պայմաններուն հետ:
Տառապահար մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն մէջ զարգացնելով իրարօգնութեան գաղափարը, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը եղաւ շօշափելի արտայայտութիւնը «օգնէ՛ դուն քեզի, որպէսզի Աստուած ալ օգնէ քեզի» քրիստոնեավայել սկզբունքին եւ Ազգին փրկութիւնը իր միասնականութեան մէջ տեսնող գաղափարախօսութեան: Սկզբունք մը եւ գաղափարախօսութիւն մը՝ որոնք ի զօրու են այսօր աւելի քան երբեք :
Արդարեւ, Հ.Բ.Ը.Մ.ը համայն Հայութիւնը շաղկապող կազմակերպութիւնն է եւ կոչուած է համախմբելու մեր ժողովուրդին անխտիր բոլոր հատուածներն ու խաւերը, ի մի բերելու իրերայաջորդ սերունդներուն ներկայացուցիչները, ունեւորն ու կարիքաւորը, մտաւորականն ու տնտեսագէտը, գաղափարապաշտն ու եկեղեցասէրը, մէկ խօսքով, բոլոր այն հայորդիները որոնց սրտերը կը տրոփեն Հայութեան խնդիրներուն կշռոյթով եւ անոր զարգացման նախանձախնդրութեամբ: Ան կոչուած է իր միջոցները ազգային միասնականութեան շաղախ դարձնելու:
Հարիւրամեայ իր վաստակը վկայ, Հ.Բ.Ը.Միութիւնը հաւատարիմ մնացած է իր առաքելութեան ու կոչումին, արժանանալով ժողովուրդի վստահութեան ու համակրանքին:
Համոզուած ենք որ մեր ժողովուրդը՝ այնքան ատեն որ իր Եկեղեցւոյ ու Դպրոցի թիկունքին ունենայ Բարեգործականի նման ազգանուէր կազմակերպութիւն մը, անպայմանօրէն պիտի շրջանցէ իր յաղթական երթը խափանել փորձող խոչընդոտները:
Այս հաւատքով ու համոզումով, Մեր աղօթքներն ու օրհնութիւնը անպակաս պիտի ըլլան այդ երթը զօրացնող հարիւրամեայ Միութեան վրայէն:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
|