Պէյրութ, Լիբանան
Երկուշաբթի 15 Հոկտեմբեր 2007ին, առաւօտեան ժամը 9:00ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպան՝ Կապրիէլէ Քեքիա: Հանդիպումին ներյակ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան Գազանճեան:
Հոգեւոր Տիրոջ եւ դեսպանին միջեւ շուրջ ժամ մը տեւող խորհրդակցութիւնները շօշափեցին շրջանային իրավիճակը եւ լիբանանի կացութեան հայող խնդիրներ,առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանը ներքին տագնապէն դուրս բերելու ու բնականոն պայմաններու մէջ նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարելիութիւններուն շուրջ:
Դեսպանը իր կարգին խօսեցաւ 1992 թուին Հայաստան ալցելութեան մասին, եւ մեծ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հայ մշակոյթին մասին, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ մէջ բնակող հայերուն մասին որոնք փոքրամասնութիւն ըլլալով հանդերձ իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերեն երկրի քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական կեանքին ներս:
Հոգեւոր Տէրը դեսպանին փոխանցեց լայն տեղեկութիւններ Իտալիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի մասին եւ անոր նուիրեց Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Roma Armenia ցուցահանդէսին գիրքը:
Այցելութիւնը վերջ գտաւ բարեմաղթանքներու փոխանակումով եւ Լիբանանին ամբողջական խաղաղութեան մաղթանքով: