Երուսաղէմ
Սուրբ Երկրի քրիստոնեայ 13 համայնքապետերը խաղաղութեան ու յոյսի պատգամ մը ուղղած են աշխարհի քրիստոնեաներուն Յիսուս Քրիստոսի փառաւոր յարութեան տօնին առթիւ։
Երուսաղէմի համայնքապետերը պատգամին ընդմէջէն կը յիշեցնեն թէ այդ քաղաքէն հռչակուեցաւ Քրիստոսի փառաւոր Յարութեան տօնը, եւ ուրկէ Յիսուս իր աշակերտներուն հրահանգեց` Աւետարանը քարոզել աշխարհի չորս ծագերու բնակիչներուն: Անոնք համայն աշխարհին հետ կ'ուզեն ապրիլ Յարուցեալի Աւետարանը ու անոնց հրաւիրել աղօթելու Սուրբ Երկրի ու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու մտահոգիչ կացութեան դիտաւորութեան ու անոնց կրած առօրեայ բռնութեան ու անարդարութեան համար։
Արեւելքի հովիւները կը խնդրեն որ վերջ դրուի զինեալ գործողութիւններու եւ իրենց աղօթքը կը բարձրացնեն առ Աստուած որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի, մատնանշելով որ խաղաղութեան վերահաստատումը կ'ենթադրէ արդարութիւն եւ հաշտութեան կամք։