Հռոմ
Հաւատքի Տարուան առթիւ, 26-30 հոկտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի կ'ունենայ կաթողիկէ դաստիարակներու համաշխարհային միութեան վեհաժողովը, որուն ընթացքին ժողովականները կը քննարկեն «դաստիարակի եւ ընտանիքի դերը աշակերտներու կազմաւորման համար»։
Ուրբաթ 26 հոկտեմբերին, Յիսուսեան Միաբանութեան Գրիգորեան համալսարանին մէջ սկսան դասախօսական շարք մը ելոյթներ, որոնց նիւթն է՝ «երկխօսութեան եւ հաշտութեան հոգեւորութիւն մը»: Սոյն նիւթին շուրջ նախատեսուած են վեց ներկայացումներ, որոնք տեղի կ'ունենան համալսարանի «Իգնատիոսեան հոգեւորականութեան» կեդրոնի սրահին մէջ։
http://hy.radiovaticana.va/Articolo.asp?c=633221