Երեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2007 - Արհի. Հայր Վարդան Եպս.Աշգարեանի Պատգամը Հայ ժողովուրդին

ԵՂԵԼ Է ԵՒ ԶՈՀ ԵՒ ՎԿԱՅ ԱՄԷՆԻՑ ԱՀԱՒՈՐ ՋԱՐԴԻՆ
ԲԱՅՑ ԱՊՐՈՒՄ, ԾԱՂԿՈՒՄ Է ՈՒ ԿԱՅ...

Թուականէս 90 տարի առաջ դարձեալ գարուն էր, դարձեալ ամիսը՝ Ապրիլ:
Բայց այդ գարունն ու այդ ամիսը Ապրիլ՝ չէին նման այս գարնան ու այս Ապրիլին:
Այդ գարնան ու այդ Ապրիլին հայուն երկինքը կապոյտ՝ շանթ մը կ’ակօսէր ահեղօրէն:
Մրրիկ մը նոր փոթորիկ մը խօլարշաւ կը հաւաքէին իրենց ծովացող ուժերը:
Երեւոյթ՝ խորհրդաւոր: Նշան՝ տարօրինակ: Արդեօք վաղուան մը դժոխային երկո՞ւնքն էր: Կտրո՛ւկ: Այո՛:
Տրուեր էր հրաման մը հայաջինջ:
Հայկական շէն գիւղերը, ծաղկեալ քաղաքները կը պարպուէին բռունցքներու տակ՝ մարդակեր գազան մարդուն:
Հողաբոյր մարդերէն մինչեւ կաթնակեր մանուկներուն յորդառատ գետ մը կ’անցնէր: Կ’անցնէր հառաչանքներու յորձանապտոյտ ալիքներու մէջէն:
Ինչո՞ւ: Դէպի ո՞ւր:
Ինչո՞ւ. որովհետեւ հայը քրիստոսապաշտ ազգ էր եւ աշխարհի ազգերու մէջէն առաջին ազ•ն էր, որ քրիստոնէութիւնը ընդգրկած էր պետականօրէն:
Առաւել, քաղաքակրթուած ազգի մը բոլոր տուեալները ունէր՝ պատմութիւնը, մշակոյթ, գրականութիւն, ճարտարարուեստ, եւ այն՝ ամէնէն հիներէն եւ ամէնէն ճոխերէն:
Այսու մէկ տեղ, նաեւ հայութիւնը անցեալ չէ, այլ միշտ՝ ներկայ:
Խուժանը սովախանձ, ուր որ կը հասնէր, իր ետին կը թողուր լեռ մը աւերակ, բլուր մը դիակ, ծով մը արիւն:
Անգամ մը եւս կը ճշմարտուէր ֆրանսացի մեծ զաւակին՝ բանաստեղծ ու վիպասան Վիքթոր Հիւկոյի խօսքը. «Այստեղէն թուրքն է անցեր»:
Ան անհան•իստ կ’ըլլայ, կը խռովի, կը տագնապի, երբ տեսնէ իր շուրջ աշխատող ու աշխատանք, կենարար գործ ու բարգաւաճում:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ ինք սովոր չէ ապրիլ շէն գիւղերու, լուսաւոր քաղաքներու մէջ: Իրեն հարկ է անմարդաբնակ վայրեր, ամայի տարածութիւններ, որպէսզի իշխել կարենայ գազանաբար:
Որովհետեւ ինք վարժ չէ հալալ աշխատանքի, արդար քրտինքի, մարդավայել ապրելակերպի, այլ միմիայն թալանի, կողոպուտի, աւազակութեան ու ոճրագործութեան:
Թող լաւ գիտնան մեր երէկի եւ այսօրուան բոլոր թշնամիները ու սերտեն մեր պատմութիւնը՝ հազարամեակներ կեանք ունեցող:
Պիտի նշմարեն հոն, թէ դար չկայ, որ յօշոտուած չըլլան հայու մեր հոգիները, հայու մեր հողերը, կողոպտուած չըլլան հայու մեր ոստանները, հայու մեր հարստութիւնները, եւ քանդած՝ հայու մեր գիւղերն ու քաղաքները:
Այո՛, դար չկայ, որ պղծած ու աւերած չըլլան մեր հայու տաճարները աստուածակերտ ու վանքերը՝ մտքի ու լոյսի փարոս:
Ինքն ալ ուզեց փորձել: Ու փորձեց այնպէս, որ հայը մնայ նմուշ թանգարանային ու մնայ պատմութեան լուսանցքին վրայ՝ իբրեւ չոր ու ցամաք անուն մը:
Բայց չէր գիտեր կամ գիտնալ չուզեց, որ հայու սպանդը աւելի աճ է ու ծաղկուն, անոր քարուքանդումը՝ ա՛լ աւելի վերելք, ու այդ մենք աշխարհին ցոյց տուինք, ոչ թէ խօսքով, այլ գործով:
Երեք տարին չանցած, մեր ահաւոր սուգէն ու արցունք-արիւն ծովէն, Աւարայրի ոգիով, Սարդարապատի պայքարով հայուն ազատութեան այգաբացը ողջունեցինք ու կոթողեցինք երեք գոյն դրօշը հայուն:
Այո՛, երեք տարին չանցած՝ մեր ահաւոր ջարդէն, երէկուան մեր հարիւրաւոր դաշտով, գիւղով ու քաղաքով, հայրենիք մը դարձած գերեզման ու ամայի, միլիոն ու կէս հայ մարդ մորթուած, մնացորդաց մը լքուած իր բախտին՝ անտէր, անտիրական, ըսինք աշխարհին բանաստեղծին բերնով, որ հայը ապրում, ծաղկում է ու կայ... Ահա Հայաստանը:
Բայց աւա՜ղ, հազիւ երկու տարի տեւեց անոր գոյատեւումը: Մեր հայրենիքը դարձաւ խորհրդային հայրենիք, եւ երեք գոյն դրօշը փոխարինուեցաւ կարմիր դրօշով՝ մուրճմանգաղով:
Եօթանասուն երկար տարիներ տեւեցին մուրճ-անգաղի տակ ապրող հայութեան տառապանքները:
Բայց հայը չյուսահատեցաւ, չընկճուեցաւ, չբարոյալքուեցաւ, այլ տոկաց ու ստեղծագործեց: Տուաւ իր շրջապատին, մարդուն ու մարդկութեան՝ իր մտքէն, իր սրտէն, իր հոգիէն, եւ այն առանց հաշուի ու կշռի, ու մանաւանդ՝ առանց հատուցումի ու ակնկալութեան:
Այսօր դարձեալ ունեցանք անկախութիւն եւ ազատ պետականութիւն, դարձեալ մեր երեք գոյն դրօշը ոչ միայն հայրենի հողերուն վրայ կը ծածանի, այլ՝ ՄԱԿի երկնաբերձ ապարանքին վրայ՝ միւս դրօշակներու կողքին:
Հարցումը սրտցաւ:
Արդեօք հայաջինջ թուականէն մինչեւ այսօր փոխուած բան մը կա՞յ: Ոչի՛նչ:
Նոյն պատճառները, նոյն պատրուակները ու նոյն փանթուրքիզմի ծաւալապաշտ ախորժակներն ու տենչերը:
Բաւ է ձեռնածալ նստիլ ու հետեւիլ ջայլամի մաշած քաղաքականութեան:
Չմոռնանք 1805-1922 թուականներուն կորսնցուցինք շատ բան: Կրնայինք չկորսնցնել նաեւ: Կորսնցուցինք Արեւմտեան Հայաստանը, Կիլիկիան, Նախիջեւանը ու Կուր •ետի աջ ափին տարածուող դաշտային Արցախը: Մինչեւ երէկ մեր հերոսները իրենց արիւնը կը թափէին, իրենց կեանքը կը զոհէին, որ Արցախը ՀԱՅ մնայ:
Թող ամբողջ աշխարհը իմանայ, որ անոնց արիւնը զուր տեղ չէ հոսած, որովհետեւ անոնց արիւնը սովորական արիւն չէ, մարտիրոսի արիւն է՝ գարնան անձրեւի պէս արգասաբեր, աւիշ ու կեանք:
Մեր նահատակներուն սրբազան անունով խնդրանք մը՝ պահանջելու պէս. հայ ժողովո՛ւրդ, հայրենիքին մէջ ապրող կամ դուրս, եկուր՝ ձեռք ձեռքի տանք, դառնանք միասիրտ, միակամ, միաուժ՝ մեր նորանկախ պետականութեան շուրջ: Որովհետեւ ան է միայն իրաւական տէրը մեր բոլոր արդար պահանջներուն՝ Հայ Դատին, Հայ Հողին, Հայ Արիւնին: Ըսելու՝ արար աշխարհին, թէ չկան լոկ շինծու օրէնքներ, կայ նաեւ ԻՐԱՒՈՒՆՔ:
Վերջացնեմ խօսքս Չարենցի այն մարգարէաշունչ պատ•ամով, որ աւետարանական ճշմարտութիւն է. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը, քո հաւաքական ուժին մէջն է»:
Այդ հաւաքական ուժով է, որ պիտի կարենանք ըսել մեր երէկի ու այսօրուան բոլոր թշնամիներուն, թէ Ղարաբաղը հայ է, եւ Հայ կը մնայ յաւերժօրէն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ