Լիբանան
Կիրակի, 30 Նոյեմբեր 2008ի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, կազմակերպու¬թեամբ իտալական Տի. Էմ. Էս. Օնլուս բարեսիրական կազմակերպութեան տեղի ունեցաւ «Բարեսիրական Բացիկներ Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարաններէն» նկարչական գործերու ցուցահանդէսը, Հ.Կ.Մ.ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ զոյգ վարժարաններու աշակերտութեան: Այս ցուցահանդէսին ցուցադրութեան դրուած էին աշակերտութեան գործերը Ս. Ծննդեան եւ Կաղանդի առիթներով:
Ցուցահանդէսի բացումը կատարեցին Իտալիոյ Պրեշիա քաղաքէն յատուկ այս առիթով Պէյրութ ժամանած «Տի.Էմ.Էս. Օնլուս» կազմակերպութեան նախագահ Դոկտ. Անճելօ եւ Տոքթ. Պարպարա Պոզիոները, Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան եւ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն՝ Կրէկուար Գալուստ: Բացման արարողութեան ներկայ էին զոյգ վարժարաններու աշակերտութեան ծնողներ, ուսուցչական կազմեր եւ հարազատներ:
Բացումէն ետք, բոլոր ներկաները շրջեցան սրահին մէջ, դիտելով ցուցադրուած աշակերտական գործերը, որմէ յետոյ անոնք ուղղուեցան «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահ, ուր
Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ, փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Պր. Գալուստ խօսքին մէջ ողջունեց ցուցահանդէսի հովանաւորները, անոնց յայտնելով իր երախտագիտութիւնը այս առթիւ: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հարպոյեան վարժարանի պարախումբը եւ երեք աշակերտուհիներ, որոնք կատարեցին Շուշան Պետրոսեանի «Իմ անուշ հայրենիք» երգը:
Գեղարուեստական յայտագրին յաջորդեց մրցանակաբաշխութիւն: Ինչպէս իր խօսքին մէջ յիշած էր Պր. Գալուստ, երեք կարգի մրցանակներուն արժանացողները համապատասխան պիտի ունենային լրիւ կրթաթոշակի նպաստ (Ա. մրցանակակիրները), 50 առ հարիւր կրթաթոշակի նպաստ (Բ. մրցանակակիրները) եւ մէկ երրորդով կրթաթոշակի նպաստ (Գ. մրցանակակիրները), իսկ խրախուսական մրցանակներու արժանացած մասնակիցները պիտի ստանային 100 ամերիկեան տոլարի պարգեւ: Մրցանակներ ստացան թիւով 57 աշակերտներ զոյգ վարժարաններէն, այնուհետեւ հովանաւորի անունով խօսք առաւ Դոկտ. Անճելօ Պոզիօ, որ ներկաներուն ողջունեց հայերէնով, այնուհետեւ իր սրտի խօսքը անգլերէնով շարունակելով, շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին եւ վարժարաններու տնօրէններուն, նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց յառաջիկայ տարիներուն եւս շարունակելու իր օժանդակութիւնը լիբանանահայութեան:
Սոյն մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի BP-դասարանի աշակերտները: Մրցանակաբաշխութենէն ետք պարգեւատրուողները
ընդունեցին շնորհաւորանքներ:
Իսկ յաջորդող Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2008-ին իտալացի ամոլը այցելեց զոյգ վարժարանները եւ նկարչական սոյն մրցոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերած բոլոր աշակերտներուն անխտիր յանձնեց յիշատակի նուէրներ, որոնցմէ ստացան Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանէն սկսեալ մինչեւ երկրորդականի աւարտական դասարանի բոլոր աշակերտները:
2008-2009 ուսումնական տարեշրջանով Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանը թեւակոխեց իր հիմնադրութեան 70-ամեակը: Բնականաբար ընթացիկ տարեշրջանը հագեցած պիտի ըլլայ յոբելենական ճոխ հանդիսութիւններով, որոնց անդրանիկը եղան վարժարանի «Ներկիզեան» գրադարանի եւ «Ֆոր Մամÿըն Մի» գեղեցկագիտական սրահի բացման հանդիսութիւնները:
Իսկ անցած շաբաթավերջը, Ուրբաթ, 28 եւ Շաբաթ 29, 2008-ին աննախընթաց զոյգ համերգներով լիբանանահայ մանուկ եւ չափահաս հանդիսատեսին առջեւ, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ»
շքեղ հանդիսասրահին մէջ, հանդէս եկաւ ամերիկահայ մանկական երգերու սիրուած մեկնաբան Թալին, որուն կÿընկերանային «Ուրախ Տարեդարձ» խումբի անդամներն ու Մեսրոպեան վարժարանի խումբ մը աշակերտներէն կազմուած յատուկ պարախումբը: Աւելի քան 2000 հանդիսատեսներ՝ մանուկներ եւ անոնց ծնողներն, եկած էին տեսնելու Թալինը եւ ունկնդրելու անոր կենդանի կատարումները:
Ուրբաթ, 28 Նոյեմբեր 2008-ի առաւօտեան, Թալին, ամուսնոյն Պրն. Ալեքս Պեսոսին եւ գործընկերուհու հետ միասին եղաւ հիւրը Մեսրոպեան վարժարանի, շրջելով մանկապարտէզի ու նախակրթարանի մէջ: Անոնց հանդիպումը աշակերտութեան հետ եղաւ ջերմ: Հիւրերը շրջագայեցան նաեւ վարժարանին մէջ, ըլլալով անոր տարբեր բաժիններուն մէջ:
Թալինի կարճաժամկէտ այցը Լիբանան երկար ժամանակ կը մնայ լիբանանահայ մանուկ հանդիսատեսի յուշերուն մէջ: