Պուրճ Համմուտ
Մեսրոպեան դպրոցի տնօրէնութեան որոշումէն ուղիղ շաբաթ մը ետք, 14 Հոկտեմբերի երեկոյեան, աշխատանքային սեղանի շուրջ մէկտեղուած էին մարզամշակութային ակումբի բաղկացուցիչ մասնագիտութիւններուն արհեստավարժ բոլոր ներկայացուցիչները.
Թատերական` Տիկ.Անի Թորանեան, Նկարչական` Պրն. Գէորգ Ուրաշեան, Խեցեգործական` Պրն. Վարդան Աւէսեան, Լուսանկարչական` Պրն. Րաֆֆի Պէրպէրեան, Ճատրակ` Պրն. Էլի Հուլիշեան, հայկական, լատինօ-ամերիկեան եւ եւրոպկան պար` Տիկ. Նատիա Զաաթէրեան, փինկ-փոնկ` Տիկ. Նոէլ Քէշիշեան, պասքէթպոլ եւ ֆութպոլ` Պրն. Գրիգոր Մէսճեան, մարտարուեստ` Յարութ Ադամեան:
Ընդամէնը մէկ ժամուայ ընթացքին քննարկուեցան եւ ըստ այնմ որոշումներ ընդունուեցան մարզական եւ մշակութային տասներկու տարբեր խմբակները լաւագոյն ձեւով հունաւորելու հարցերը:
Ժողովին անմիջապէս յաջորդող առաւօտեան յամը 9-ին, աւելի քան 240 մեսրոպեանցիներ իրենց պարտաճանաչ ծնողներուն հետ միասին հաւաքուած էին դպրոցի շրջաբակին մէջ: Իւրաքանչիւր աշակերտ իր ընտրած խմբակին ղեկավարին կը սպասէր, որպէսզի սկիզբ առնէր նախասիրութիւնները առողջ հիմքի վրայ դնելու ընթացքը: Մեսրոպեանի տնօրէնը Պրն. Կ. Գալուստ, անհատ առ անհատ ծնողներուն ներկայացուց խմբակներուն ղեկավարները, բացատրելով եւ յորդորելով, որ դրական արդիւնքի մեծագոյն գրաւականը պարտաճանաչութիւնն ու հետեւողականութիւնը ըլլալով, բոլոր մասնիակիցներէն գերագոյն լրջութիւն կ'ակնկալուի: Ի վերջոյ նպատակը մեր երեխաներուն առողջ, հայեցի ու բազմակողմանի զարգացումն է, իսկ դպրոց-ծնողք սերտ համագործակցութիւնը ընդունակ է հարթել բոլոր դժուարութիւնները:
Շատ չանցած աշակերտներէն իւրաքանչիւրը իր խումբի ղեկավարին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ դէպի նշանակուած տարածքը կամ դասարանը, այդպիսով հաստատելով Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի մեկնարկը:
Խանդավառութեամբ շնչող մթնոլորտի ազդեցութեան տակ երիտասարդ ծնողներէն շատեր նոր միտքեր ու առաջարկներ ներկայացուցին տնօրէնութեան: Առաջարկները արդէն քննարկումի սեղանին են եւ լուծումները երկար սպասել չեն տար...
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ