Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2010 - Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան խօսք կ՛առնէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին


Հռոմ, Իտալիա

Այսօր՝ հինգշաբթի 7 հոկտեմբեր 2010, հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան խօսք պիտի առնէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին, անդրադառնալով ընկերային հաղորդամիջոցներու մասին եւ զեկուցելով  պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջին եւ Աւետիք պաշտօնաթերթին մասին: 

Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան զեկուցեց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջի պատրիարքական յանձնախումբի 2009-2010 տարեկան գործունէութեան մասին:

Զեկոյցի տեսական բաժնին մէջ, ան ըսաւ. «Այսօր, ոեւէ մարդկային հասարակութիւն (հետեւաբար նաեւ եկեղեցական հասարակութիւն) եթէ հաղորդամիջոցներու մէջ, յատկապէս համացանցի վրայ ներկայութիւն չունի, մարդկային ընկերութեան դիմաց դատապարտուած է կղզիացումի եւ մահուան, եւ իր հետ կը տանի այն բոլոր արժէքները, զորս կը ներկայացնէ:

Այս է այսօրուան աշխարհին մէջ «ըլլալու» պայմանը: Այս գիտնալով կաթողիկէ Եկեղեցին վերջին շրջանին դրական կեցուածք որդեգրեց արհեստագիտութեան յառաջացման դիմաց»:

«Իսկ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսական հայրերը 2003-էն սկսեալ յառաջ բերին յատուկ կայքէջ մը ունենալու ծրագիրը, որ 12 փետրուար 2004-էն սկսեալ պատրաստողական շրջանէ մը ետք, (online) գիծի վրայ էր 2004-ի նոյեմբերի 24-ին, մինջեւ այսօր, իր 65 հաստատ էջերով եւ բազմաթիւ լրատուական էջերով»:

«Այսպէս, այսօր կրնանք հաստատել թէ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ինչպէս ոեւէ կառոյց կրնայ թէ՛ կապուիլ թէ՛ կապուած ըլլալ (collegato e collegabile) - թէ հաղորդել  թէ հաղորդուիլաշխարհի հետ եւ աշխարհի դիմաց, որպէսզի չմեկուսանայ, չկղզիանայ ու չմեռնի, այլ կատարէ իր առաքելութիւնը այս աշխարհի մէջ»: 

 

Ան աւելցուց. «Կայքէջիս յանձնախումբը մեծ մարտահրաւէրի եւ մեծ պատասխանատուութեան առջեւ կը դնէ ինքզինք եւ համոզուած է թէ առանց

Հաւաքական աշխատանքի, Համադրուած գործունէութեան, Հանգրուանային ծրագրաւորում. ինչպէս նաեւ Համամիութենական հոգիի, Համաշխարհային տարածուածութեան գիտակցութեան, Հաղորդամիջոցներու հետ կապի, անկարելի է գործը յառաջ տանիլ:

Այս բոլորին կ'աւելնան բնականաբար մարդոյժի անհրաժեշտութիւնը եւ տնտեսական ապահովութեան կարեւորութիւնը»:

 

Հայր Վարդան գործնական բաժնին մէջ հիմնուեցաւ աշխարհագրական եւ աշխատանքային առանցքին վրայ: Ան յայտնեց թէ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աշխարհագրական եւ աշխատանքային առանցքը ուսումնասիրելէ ետք,  կը նշմարուի թէ ամենակարեւոր մասը լրագրական բաժինն է, որով ԼՈՒՐԸ ոյժ կու տայ եղելութեան մը, որպէսզի ան դառնայ առիթ հաղորդութեան եւ հետեւաբար եկեղեցական կեանքի աշխոյժացման եւ վերակենդանացման:

Եթէ լուր մը հասնի մեր կայքէջին գրասենեակը, կայքէջը կրնայ զայն հասցնել ամէն հայ կաթողիկէի գրասեղանին վրայ:

Վերջապէս ան ըսաւ թէ դէպքն է, որ կը յառաջացնէ լուրը, որ իր կարգին պարտի սահմանել դէպքը, կոկիկ, եկեղեցավայել, մաքուր եւ առարկայական սահմաններու մէջ, որպէսզի կարդացողը շինուի եւ հաղորդուի իրմէ հեռու գտնուող «մերձաւոր»-ին հետ:

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ