Քանաքեռ
Հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու համագումարը տեղի ունեցաւ 15-17 յուլիս 2014, Երեւան` Քանաքեռ, մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւորականներու, մտաւորականներու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու:
Համագումարը նախաձեռնուեցաւ Վատիկանի Բ. Ժողովի հաղորդամիջոցներու մասին Inter Mirifica վճիռի յիսնամեակին առիթով, Հայ Կաթողիկէ նուիրապետութեան հաղորդամիջոցներու յանձնախումբին կողմէ` ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցութեամբ:
Նպատակն էր` նպաստել հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու միջեւ լայն եւ հեռանկարային համագործակցութեան զարգացման` ի սպաս համաքրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու քարոզչութեան ու ամրապնդման հայ հասարակութեան մէջ:
Համագումարի ձեռնարկման նպատակներէն էր նաեւ ուղիներ գտնել եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու աշխատանքը լաւագոյնս ծառայեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներու լուսաբանումին:
Համագումարի ընթացքին քննարկուեցան հարցեր, որոնք կ'առնչուին Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու հովանիին տակ գործող հաղորդակցութեան միջոցներու աշխատանքին, անոնց համագործակցութեան եւ նոր ծրագիրներու մշակման ու գործադրութեան: Համագումարի ելոյթները եւ քննարկումները իրենց եզրակացութիւններով լաւ հիմք դրին հայ եկեղեցական հաղորդակցութեան միջոցներու եւ պետական մարմիններու միջեւ մնայուն համագործակցութեան ու համատեղ աշխատանքի նոր մթնոլորտ մը ձեւաւորելու համար, մթնոլորտ, որ յատկապէս անհրաժեշտ է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի եկեղեցական եւ պետական միջոցառումներու նախաշեմին:
Համագումարի նախաձեռնողները եւ մասնակիցները քաջ կը գիտակցին, որ այդ համագործակցութիւնը կ'ենթադրէ բազմաթիւ կարեւոր հանգրուաններ, համատեղ միջոցառումներ ու եռանդուն համագործակցութիւն: Համագումարի մասնակիցները յանգեցան այն եզրակացութեան, որ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար հարկաւոր է առանցքային պայման մը, որ եկեղեցական հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներն անխտիր մասնակցին նման հանդիպումներու եւ քննարկումներու` համատեղ եւ միասնական ջանքեր ձեռնարկելու տեսլականով: Քանի որ այս համագումարը տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի, եւ Նորին Ամենապատուութիւն Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի օրհնութեամբ, համագումարի կազմակերպիչները կը փափաքին, որ ի գլուխ ունենալով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Հայ Եկեղեցւոյ նուիրական աթոռներու պետերու օրհնութիւնը եւ գործակցութիւնը նաե՛ւ համագումարի նպատակներու իրականացման գործին մէջ:
«Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան տակ գործող բոլոր հաղորդամիջոցներու միջեւ հաստատուի այնպիսի սերտ համագործակցութիւն մը, որ զիրենք դարձնէ Եկեղեցւոյ եւ ազգի բոլոր բաղկացուցիչներու միասնականութիւնը խթանող ու զօրացնող շաղախը»:
Համագումարի քարտուղարութիւն
Քանաքեռ, 17 յուլիս 2014