Զմմառ
Կիրակի, 2 յունուար 2011, երեկոյեան ժամը 6-ին, Զմմառու մայրավանքի եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն աւարտին եղբայր Յակոբ Մովեսիան կատարեց միաբանի իր առաջին ուխտադրութիւնը։ Խարտալիկն էր Զմմառու վանքին մեծաւոր գերյ. Միքայէլ թ.ծ.վ. Մուրատեան, առընթերականութեամբ՝ գերյ. Յովսէփ ծ.վ. Քէլէկեանի եւ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի։
Ուխտադրութեան ընթացքին, եղբայր Յակոբ ծնկաչոք սուրբ խորանին առջեւ, Հոգեւոր տիրոջ դիմաց իր աջ ձեռքը դնելով սուրբ Աւետարանին վրայ կատարեց Հաւատոյ դաւանանքը եւ նզովեց Արիոսը, Դիոսկորոսը, Ատիքեսը եւ բոլոր հերցուածողները, ապա հանրօրէն եւ կամովին ան յայտարարեց անդամակցիլ Զմմառու պատրիարքական Արծիւեան միաբանութեան, ուխտելով հնազանդութիւն միաբանութեան մեծաւորներուն եւ ապրիլ ողջախոհութեան մէջ, ինչպէս նաեւ երդումով հաստատեց աղքատութեան խոստումը, խնդրելով Աստուծմէ եւ սուրբ Աւետարանէն օգնութիւն եւ շնորհք, զինք անաղարտ պահելու համար մինչեւ իր կեանքին վերջը։
Արարողութեան աւարտին, հայրապետը, վանքին մեծաւոր հայրը, վարչական հայրերը, նուիրեալ եղբայրը եւ իր ծնողքը ընդունեցան հաւատացեալ ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները վանքին դահլիճին մէջ, որմէ ետք դպրեվանքին սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ։
Նշենք, որ Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան վերջին միաբան եղբայրը եղած էր Մարաշցի եղբայր՝ Աւետիս Օրջանեանը (ուխտերը կատարած՝ 8 դեկտեմբեր 1901-ին, եւ վախճանած՝ Զմմառու մէջ, 1906-ին)։ Ահաւասիկ 105 տարիներ ետք, միաբանութիւնը կրկին կը ծաղկի ուխտեալ միաբան նոր եղբայրով մը։
Այս առթիւ, մեր խնդակցութիւններն ու շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք Զմմառու միաբանութեան, հայցելով Աստուծմէ, որ պարգեւէ նորանոր կոչումներ ի պայծառութիւն Արծիւեան միաբանութեան եւ վերելք հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, բարեխօսութեամբ Զմմառու ցաւագին Աստուածամօր։