Լիբանան
Նախաձեռնութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին, Շաբաթ՝ 24 Յունուար 2009-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ Եկեղեցիներու Միութեան Աղօթքի Ութօրէքի գլխաւոր արարողութեան, որ տեղի ուեցաւ Ս. Գէորգ յոյն օրթոտոքս եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամը 5:00ին, Ժտէյտի Էլմէթն: Արարողութեան մասնակցեցան Արհի. Տէր Պօղոս Արք. Գուսան, մարոնիթ եւ ասորի օրթոտոքս եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ, ինչպէս նաեւ աւետարանական եկեղեցիէն պատուելիներ:
Այս տարուան խորագիրը ներշնչուած է Ս. Պօղոսի նամականերէն ուղղուած եփեսացիներուն, «Մէկ է յոյսը ձեր կոչումին» ( 4 Եփս. 4) :