Ուրբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2008 - Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ներկայացուցիչը Մասնակցեցաւ Միւռոնօրհնէքի
 
Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ  Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հրաւէրին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի ներկայացուցիչը՝
 
Պատրիարքական Փոխանորդ Արհի. Վարդան Եպս. Աշգարեան մասնակցեցաւ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան հանդիսաւոր արարողութեան Մայր Աթոռ՝ Ս. Էջմիածնի մէջ:

Սեպտեմբեր 27ին, Գերապայծառ Աշգարեան մասնակցեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու հոգեհանգստեան պաշտօնին որ տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու յուշահամալիրին մէջ: Հոգեհանգիստի ընթացքին հայոց նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար իրենց մայրենի լեզուներով առ Աստուած աղօթեցին՝ նաեւ Միւռոնօրհնութեան տօնակատարութիւններու առիթով Մայր Աթոռ ժամանած քրիստոնէական 12 քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները:

Կիրակի 28 Սեպտեմբեր 2008ին, տեղի ունեցաւ միւռոնօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն, Հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին: Միւռոնօրհնէքի արարողութեան ներկայ էր նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոս Բ:

Պաշտօնական հիւրերուն շարքին ներկայ էին նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ եւ օտար երկիրներու դեսպաններ: Կիրակի Գիշեր, Արհի. Աշգարեան եղաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ընթրիքի հիւրը, որուն ընթացքին անոր փոխանցեց Ամեն.Հոգեւոր Տիրոջ ողջոյններն ու եղբայրական բարեմաղթանքները:

Երկուշաբթի 29 Սեպտեմբերին, առաջնորդութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին,. Գերապայծառ Հայրը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմական առաջնորդներու եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու պատուիրակութեան հետ՝ այցելութիւն մը տուաւ Հայաստանի նախագահ  Սերժ Սարգսեանին:

Սարգսեան ողջունելէ ետք իր հիւրերը, շնորհակալութիւն յայտնած է իր հիւրերուն միւռոնօրհնէքի մասնակցութեան, նշելով թէ Միւռոնը հայութեան համար իւրայատուկ իմաստ ունի, որպէս ազգային միասնութեան եւ հոգեւոր հաւաքականութեան խորհրդանիշ: 

Այս հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Խորհուրդի նախագահ՝ կար‎դ. Լէօնարտօ Սանտրին, որ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայպետի անունով Հայ ժողովուրդին մաղթած է խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում:

Երկուշաբթի կէսօրէ ետք, Կարտ. Սանտրի  Գերապայծառ Հօր հետ հիւրը եղաւ Կիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանին, ուր հիւրընկալուեցան Արհի. Նշան Արք. Գարաքէհէանի, տեղւոյն կղերականներու եւ Անարատ Յղութեան Միաբանութեան քոյրերու կողմէ:

Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ