Պէյրութ
Ուրբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Ս. Մեսրոպի արիներու 75-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններու պաշտօնական բացումը, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, ներկայութեամբ Պապական նուիրակ եպս. Կապրիելլէ Քաչչայի, արհիապատիւ գերապայծառներու, նախկին եւ ներկայ նախարարներու եւ երեսփոխաններու, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերու, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին, առաքինազարդ քոյրերու, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն, հայկական կուսակցութիւններու, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ աւելի քան 1500 հայորդիներու:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան սկիզբը մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ հանդիսապետութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, առընթերակայութեամբ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեանի ու հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի եւ երգեցողութեամբ վարժարանի երգչախումբին:
Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ մեծապէս գնահատեց Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեայ բեղուն գործունէութիւնը եւ շեշտեց, թէ հայ դպրոցին առաքելութեան հիմքը քրիստոնէական եւ հայկական դաստիարակութիւնն է, ինչ որ Մեսրոպեան վարժարանի մէջ կը մատուցուի:
Ապա տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն, մասնակցութեամբ Հոգեւոր Տիրոջ, Սուրբ Մեսրոպի արիներու, բողբոջ եւ աւարտական դասարաններու ներկայացուցիչներուն եւ երիցագոյն մեսրոպեանական պրն. Առաքել Մինասեանին:
Օրուան հանդիսավար պրն. Րաֆֆի Տէմիրճեան նշեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը իր բազմաթիւ աշակերտներով, դիմագիծով եւ պատկանելիութեամբ Պուրճ Համուտի սիրտն է, լիբանանահայութեան գոյութեան գլխաւոր երաշխիքներէն մէկն է:
Մեսրոպեան վարժարանի եւ Սուրբ Մեսրոպի Արիներու անցեալէն ու ներկայէն լուսանկարներ ցուցադրելէ ետք, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ Մեսրոպեան վարժարանը մեծ ընտանեկան բոյն է, որուն հայրը հայ կաթողիկէ Եկեղեցին է, մինչ տնօրէնէն մինչեւ վարորդները վարժարանի զաւակներն են: Պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մենք մեր բոլոր ուժերը ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի Մեսրոպեան վարժարանը ոչ միայն հայկական առումով չափանիշ դառնայ, այլ` մրցակցի լիբանանեան լաւագոյն վարժարաններուն հետ: Մենք հպարտ ենք ու կը պարծենանք մեր շրջանաւարտներով: Նայեցէ՛ք ձեր շուրջը. Լիբանանէն մինչեւ Եւրոպա եւ Ամերիկա, կը տեսնէք, որ ամէնուրէք մեսրոպեանականները բարձր դիրքեր գրաւած են, մեծ պաշտօններու տէր են եւ հաւատարիմ կը մնան իրենց ազգային ու հոգեւոր պատկանելիութեան ու Մեսրոպ Մաշտոցի կտակին»: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան վարժարանի 75-ամեայ երթի գործունէութեան:
Գեղարուեստական յայտագրէն ետք խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, որ ամբողջական կերպով արժեւորեց Մեսրոպեան վարժարանին բազմամեայ գործունէութիւնը` ի խնդիր սերունդներու դաստիարակութեան եւ կրթութեան: ՀՀ դեսպանը հաստատեց, որ Մեսրոպեանի մէջ հայկականութեան ոգին կը պահպանուի եւ շունչը կը փոխանցուի նոր սերունդներուն: Պրն. Աշոտ Քոչարեան Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներու ու աշակերտներուն փոխանցեց Հայատանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան եւ կրթութեան նախարար պրն. Արմէն Աշոտեանի ջերմագոյն շնորհաւորութիւնները եւ մաղթանքները:
Դեսպանին խօսքին յաջորդեց Մեսրոպեան վարժարանի նուագախումբին երկրորդ ելոյթը, որուն ընթացքին ներկայ թէ նախկին մեսրոպեանականներ նուագեցին «Նազան եար» եւ «Ճան Հայաստան» ստեղծագործութիւնները:
Մեսրոպեան վարժարանին մէջ իրենց ունեցած մեծ վաստակին առ ի գնահատանք, յուշանուէրներ ստացան նախկին տնօրէններն ու 20 տարիներէ աւելի Մեսրոպեանի ընտանիքին մէջ գործող պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները:
Աւարտին, խմբավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քէշիշեանին, Մեսրոպեան վարժարանէն 75 մեսրոպեանականներ, իբրեւ 75-տարուան գործունէութեան մէկական ներկայացուցիչներ, երգեցին Մեսրոպեան վարժարանին նուիրուած երգ մը: