Ուրբաթ, 5 Դեկտեմբեր 2014 - Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Մեսրոպեանի աշակերտներուն հետ

 

Պէյրութ

Երկուշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2014-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտները յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի մասունքի ընդունելութիւնը Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Հանդիսութիւնը կազմակերպած էր վարժարանի հոգեւոր խմբակը, հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի առաջնորդութեամբ:

Բացման աղօթքէն ետք ցուցադրուեցաւ տեսանիւթ մը, որ ի ցոյց դրաւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի պարզութիւնն ու բարութիւնը՝ մարդոց հետ յարաբերութեան մէջ, այն օրերուն, երբ ան կը գլխաւորէր Կաթողիկէ եկեղեցին: Ապա ներկայացուեցաւ երկրորդ տեսանիւթ մը, պատրաստութեամբ հոգեւոր խմբակին, ուր ներկայացուեցան սուրբ Պապին կեանքն ու գործունէութիւնը:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով ելոյթներ ունեցան վարժարանի "Ծիծեռնակ" երգչախումբը ( խմբավար՝ պրն. Մանուէլ Քեշիշեան), Բալիկ Սաֆարեան (դաշնամուր), Արմիկ Հեքիմեան (քլարինեթ), Նանօր Ադամեան (ջութակ) եւ հայր Ղազար (երգ՝ Ավէ Մարիա), մինչ հոգեւոր խմբակի անդամներ Քարին Թերզեան, Սթեֆանի Սերայտարեան, Նարօտ Ատուրեան, Ռիթա Տարաքճեան, Պեթի Սուլեան եւ Սարգիս Մարաշլեան ներկայացուցին յատկանշական մէջբերումներ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապի խօսքերէն ու գրութիւններէն:

Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան իր պատգամին մէջ բացատրեց "Մի երկնչիք" խօսքին խորքային իմաստը եւ այդ թելադրանքին գործադրութեան կարեւորութիւնը՝ ամենօրեայ կեանքին մէջ: Վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ վկայութիւն մը փոխանցեց սուրբ քահանայապետին Լիբանան կատարած այցելութեան օրերուն անոր հետ ունեցած հանդիպումէն, ընդգծելով այն, որ Քահանայապետը արտակարգօրէն ազդեցիկ էր՝ շատ պարզ մարդ մը ըլլալով հանդերձ: Եզրափակիչ պատգամը տուաւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապեհ: Գերապատիւ վարդապետը ըսաւ, որ ամէն անձ կը ձգտի ճանաչման, սակայն քիչեր կրնան ընթանալ հռչակի այն ճանապարհով, որ մարդէն կը պահանջէ զոհողութիւններ, կը պահանջէ սէր եւ նուիրում՝ հանդէպ այլ մարդոց: Ան ցաւով նկատել տուաւ որ յանուն հռչակի շատեր պատրաստ կ'ըլլան զոհել ու իրենց մարդկային արժանապատուութիւնը, ինչ որ սակայն կու տայ հակառակ արդիւնք եւ ի վերջոյ մարդը կը տանի կործանման եւ կորուստի: Գերապատիւ վարդապետը աշակերտներուն թելադրեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին մէջ տեսնել "աստղ"ի այն կերպարը, որ իր փայլը ստացած է սուրբ գործերով, սիրով եւ բարութեամբ, եւ որ հետեւաբար պիտի շողայ յաւերժ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ