Զմմառ
Կիրակի, 27 մայիս 2012-ին, Աստուածամօր ամսուայ վերջին կիրակին, մեծ ուխտի օր էր դէպի Զմմառու Վերափոխեալ Կուսին վանքը: Այս տարի հայ կաթողիկէ երիտասարդական միութիւնները քայլարշաւ կատարեցին շաբաթ երեկոյեան, Ժիւնիէն սկսեալ մինչեւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր դարաւոր վանք, ի պատրաստութիւն կիրակնօրեայ մեծ արարողութեան ի պատիւ ամենասուրբ Կուսին: Իսկ կիրակի, առաւօտեան ժամը 10-ին, հանդիսաւոր թափօրով սկսաւ ձայնաւոր սուրբ Պատարագը հանդիսապետութեամբ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, վանքի մուտքի խոշոր հրապարակին վրայ:
Սուրբ եւ անմահ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Զմմառու միաբանութեան ընդհանուր փոխանորդի եւ վանքի մեծաւոր՝ գերպծ. հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, վարչական հայրերը եւ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններու հոգեւոր հովիւներն ու միութիւնները: Ինչպէս նաեւ այս տարուայ բոլոր Առաջին սուրբ Հաղորդութիւն ստացած երեխաները, իրենց սպիտակ զգեստներով հրեշտակներու պէս մասնակցեցան իրենց երգերով եւ աղօթքներով սուրբ Պատարագին:
Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Սուրբ Փրկիչ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մաէսթրօ՝ տէր Մանուէլ սրկ. Քէշիշեանի: Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն անմիջապէս ետք, Եղբ. Ղազար Պետրոսեանը, որ կ'ուզէ Արծիւեան ուխտի միաբան դառնալ՝ ստացաւ առաջին փոքր կարգերը: Ներկայ էին Եղբ. Ղազարի ծնողքը և բարեկամները, որոնք այս ուրախալի առիթով, Ճաշի հիւրերն էին վանքի մեծաւորին եւ միաբան վարդապետներուն:
Յետմիջօրէին՝ ժամը 3-ին, ուխտաւորները կատարեցին վարդարանի աղօթքը կազմակերպուած վանքի նորընծաներուն կողմէ եւ անով փակուեցաւ Զմմառու ուխտի օրը: