Պքերքէ, Լիբանան
Հինգշաբթի, 12 մայիս 2011-ին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողովը, մարոնիթ Պշարա Ալ Րայի պատրիարքին հրաւէրով եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 35 անձնաւորութիւններու, լիբանանեան իսլամ եւ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներէն։ Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ այս ժողովին ներկայացուց արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանը։
Վեհաժողովին բացումը կատարեց Պշարա Ալ Րայի մարոնիթ պատրիարքը, որ իր խօսքին մէջ ընդգծեց այս հոգեւոր վեհաժողովին կարեւորութիւնը, ամրապնդելու համար ազգային սկզբունքները եւ վերջ դնելու այն բոլոր երեւոյթներուն որոնք կը սպառնան ազգային միասնականութեան, համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան:
Վեհաժողովին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ մասնաւորապէս անդրադարձաւ լիբանանեան ներքին երկխօսութեան շարունակականութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ներքին երկփեղկումին վերջ տալու անհրաժեշտութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին լիբանանեան քաղաքական պատասխանատուներուն անմիջապէս կազմելու կառավարութիւնը` հիմնուելով սահմանադրական կարգ ու կանոնին վրայ:
Ընդհանուր իրավիճակը քննարկելէ ետք, հաղորդագրութիւնը ընդգրկեց կառչած մնալ սահմանադրական հաստատութիւններուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարելու համար ահաբեկչութեան դէմ:
Հոգեւոր պետերը հաստատեցին նաեւ իբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը, շեշտելով լիբանանեան պետութեան իրաւունքը` ազատագրելու Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը: Անոնք շեշտեցին արաբ-իսրայէլեան տագնապի լուծման կարեւորութեան վրայ, իբրեւ հիմնական երաշխաւոր՝ շրջանի խաղաղութեան ու ապահովական անվտանգութեան, արաբական բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման միջոցաւ:
Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց երիատասարդներուն կառչած մնալու իրենց հայրենի հողին, բարոյական ու կրօնական վսեմ արժէքներուն, համագործակցելով լիբանանեան միւս շերտերուն հետ համերաշխութեամբ եւ դրական գոյակցութեան ոգիով:
Հոգեւոր պետերը նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնեցին շրջանային առումով արձանագրուող իրադարձութիւններուն, դատապարտելով բոլոր այն խախտումները եւ յարձակումները քրիստոնեայ վայրերուն դէմ եւ վերահաստատելով իսլամ - քրիստոնեայ գոյակցութիւնն ու անոնց պատմական դերը Արեւելքի վերելքին մէջ:
Հանդիպման աւարտին, անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ բարգաւաճման համար: