Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբեր 2013 - Հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու համաժողովը Երեւանի մէջ
Երեւան
Իր ձեւաչափով եւ օրակարգով աննախընթաց էր Հայկական հիմնախնդիրներու իրազեկման կառոյցներու ներկայացուցիչներու եռօրեայ համաժողովը որ տեղի ունեցաւ 19-20-21 Սեպտեմբեր 2013-ին, Երեւանի մէջ, նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան, «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» աշխատանքային ծրագրի շրջագիծէն ներս։
Համահայկական համաժողովին կը մասնակցէին սոյն կառոյցները ներկայացնող շուրջ երեքտասնեակ գործիչներ Միացեալ Նահանգներէն, Արժանթինէն, Պելճիքայէն, Պրազիլէն, Դանիայէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Իրանէն, Գանատայէն, Յունաստանէն, Հոլանտայէն, Ռումանիայէն, Ռուսաստանէն, Ֆրանսայէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն։ Լիբանանէն մասնակցողներու շարքին էին Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Լրատուական Գրասենեակի ներկայացուցիչները՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Սարգիս Նաճարեան։ Համաժողովին բացումը սկսաւ այցելութեամբ Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակի զետեղումով, որուն յաջորդեց մասնակիցներուն այցելութիւնը Ազգային Ժողով, ուր համաժողովին ուղղուած Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Ազգային Ժողովի նախագահի տեղակալ Հարմինէ Նաղդալեանը, որմէ ետք ներկաները լսեցին Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններէն ներս հայկական խորհրդարանական պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն զեկուցումները եւ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ղեկավարութեամբ տեղի ունեցան քննարկումներ «Ժողովրդական դիւանագիտութեան հիմնախնդիրները» թեմայով։
Համաժողովին յաջորդ հանգրուանն էր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ուր պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանը անդրադարձաւ Հայաստանի պաշտպանութեան վերաբերեալ հիմնախնդիրներուն եւ տեղի ունեցան քննարկումներ։ Համաժողովի առաջին օրուան եզրափակիչ նիստը տեղի ունեցաւ Սփիւռքի նախարարութեան ժողովասրահին մէջ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հիմնախնդիրները» թեմայով։ Նախարար Հրանուշ Յակոբեան տեսաերիզի միջոցաւ ներկայացուց նախարարութեան հնգամեայ գործունէութեան զարգացման գլխաւոր հանգրուանները եւ ուղղութիւնները, որմէ ետք տեղի ունեցաւ քննարկում։
Համաժողովին երկրորդ օրը սկսաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, իրաւաբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր Արթիւր Պաղտասարեանին հետ հանդիպումով։ Զեկուցելէ ետք Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրներու եւ մասնաւորաբար առաջնահերթութիւններու մասին, ան պատասխանեց մասնակիցներու հարցադրումներուն, որոնք կը վերաբերէին ազգային անվտանգութեան հետ առնչուած բազմաթիւ երեւոյթներու եւ զանոնք դիմագրաւելու համար պետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։
Յաջորդ նիստը կայացաւ Սահմանադրական Դատարանի դահլիճին մէջ, ուր խօսք առաւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան։ Ան նախ կարեւորեց սփիւռքահայ մտաւորականներու ու գործիչներու համախմբումը համահայկական հիմնախնդիրներու լուծման շուրջ, ըսելով որ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար մօտեցումները պէտք է միասնական ըլլան։ Ապա ան ներկայացուց Հայաստանի սահմանադրաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներուն վերաբերեալ խնդիրները եւ շեշտեց բարեփոխումներու կարեւորութիւնը։
Այնուհետեւ, Սփիւռքի նախարարութեան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողովի մասնակիցներուն հանդիպումը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահ Բագօ Սահակեանին, փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբեկեանին, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեանին, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանին եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ նախագահ Բագօ Սահակեան բարձր գնահատեց Սփիւռքի մէջ գործող իրազեկման կառոյցներու գողծունէութիւնը։ Ան անվիճելի նկատեց այն իրողութիւնը որ մեր բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարուած են Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան շնորհիւ։ Ան յոյս յայտնեց որ Սփիւռքի կառոյցները աւելի կ՚աշխուժացնեն իրենց աշխատանքը ի խնդիր Արցախի հիմնախնդրի իրազեկման եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քննարկում եւ նախ. Սահակեանը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։ Համաժողովի աշխատանքներուն երկրորդ օրը եզրափակող նիստը տեղի ունեցաւ նախագահական նստավայրին մէջ, Հանրապետութեան Նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանին հետ շահեկան հանդիպումով։
Շաբաթ, 21 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ համաժողովի մասնակիցներուն հանդիպումը արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանին հետ։ Յետ իր զեկուցումը, պատասխանելով աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հայկական հիմնախնդիրներով զբաղող գործիչներու հարցերուն՝ Եդուարդ Նալպանտեան հանգամանալից ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, համահայկական հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ Հայաստանի կողմէ առնուած քայլերը, ղարաբաղեան հիմնախնդրի խաղաղ հանգուսալուծման համար Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը, սուրիական ճգնաժամին եւ սուրիահայութեան անվտանգութեան ապահովման առնչուած հարցերը։
Բոլոր նիստերուն բացման խօսքը արտասանեց, զանոնք ղեկավարեց եւ անոնց ամփոփումը կատարեց Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որ իր շրջահայեաց ու անխոնջ ներկայութեամբ աշխուժացուց համաժողովին աշխատանքները, որոնք առանձին հանդիպումներով ու խորհրդակցութիւններով շարունակուեցան մինչեւ Հայաստանի Անկախութեան 22-րդ տարեդարձին առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ տրուած հանդիսաւոր ընդունելութիւնը Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ, եւ այնուհետեւ՝ Անկախութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած Նունէ Եսայեանի փառաշուք համերգը։
|