Սիրելի՛ ընթերցող, մենք` «Սուրբ Վարդարանի Տիրամայր» հայ կաթողիկէ Ժողովրդապետութեան համայնքաւորներս յատկապէս, եւ այնճարցիներս` ընդհանրապէս, այսօր տօնեցինք մեր եկեղեցիին նորոգութեան-շինութեան առաջին տարեդարձը, որուն առիթով մեզի հետ ըլլալ ուզեց մեր տուպայաբնակ բարերարը` Գրիգոր Ք. Ճապուրեան:
Հոգեւոր հովիւին եւ բարերարին սրտերը, իւրաքանչիւրը` իր ներաշխարհին մէջ,
վերատրոփեցին երախտագիտութեամբ ու ցնծութեամբ. «Տէ՜ր, սիրեցի զվայելչութիւն տան Քոյ (Սղմ. 15, 8): Փա՛ռք Քեզ, Տէ՜ր, փա՛ռք Քեզ, եւ յաղագս ամենայնի փա՛ռք Քեզ, Տէ՜ր»:
Գոհաբանական Սուրբ պատարագին ընթերցումը ընտրեցի երրորդ աւետարանիչէն` Սուրբ Ղուկասէն այն հատուածը, որուն խորագիրն է «Տասը բորոտները» (Ղկ. 17,11-19):
Տօնական ու երախտագիտական աստուածային պաշտամունքով մենք փափաքեցանք յայտնել մեր աղօթաջերմ երկրպագութիւնն Աստուծոյ եւ մեր սրտաբուխ շնորհակալութիւնն Աստուածամօր: Տարիներու մեր աղօթքը, երազն ու տենչը իրականացան:
Այո՛, տարիներով աղօթեցինք` փոխ առնելով տասը բորոտներուն խնդրանքը. «Յիսուս, Վարդապե՜տ, գթա՛ մեր վրայ» եւ մօրդ միջնորդութեամբ արժանի ըրէ՛ մեզ այս տաճարիդ նորոգութեան ու բարեզարդումին:
Եւ Յիսուս, մանաւանդ երբ հարցը կամ պարագան առնչուած է իր սիրագեղ Մօր, գթաց մեր վրայ եւ արժանացուց մեզ ունենալու շատ գեղազարդ եկեղեցի մը` յատկապէս իր նոր հոյակերտ խորանով ու հայոճ գմբէթով:
Այո՛, նորոգեցինք եւ շինեցինք մեր աղօթատունը Տիրոջ օրհնութեան ու Տիրամօր բարեխօսութեան շնորհիւ, ինչպէս ալ` նուիրատուներու նպաստով, բայց մասնաւորապէս մեր ազնուահոգի եւ առատաձեռն եղբօր բարերարութեամբ: Մեծահանդէս արարողութեամբ բացումն ալ ըրինք եւ սկսանք վերագործածել մեր եկեղեցին:
Աստուածային Հրաշագործէն բժշկուած տասը բորոտներէն մէկը` «Տեսնելով, թէ բուժուած է, վերադարձաւ` Աստուծոյ փառք տալով բարձրաձայն»:
Քարը նորոգելով եւ կառուցելով` կը յուսայինք, որ նաեւ հոգիները պիտի նորոգուէին ու մտքերը պիտի կառուցուէին…: Աղօթեցինք, որ այլեւս «գայ ժամանակը, եւ արդէն իսկ հասած է, երբ ճշմարիտ երկրպագուները պիտի պաշտեն Հայրը հոգիով ու ճշմարտութեամբ: Որովհետեւ Հայրը այսպիսի երկրպագուներ կ՛ուզէ: Աստուած հոգի է. երկրպագուները պէտք է Զինք պաշտեն հոգիով ու ճշմարտութեամբ» (Յվհ. 4, 23-24):
Սակայն ի զո՜ւր…, ապարդի՜ւն… Եկեղեցասէր հաւատաւորներուն միացած բացի քանի մը յարգելի բացառութիւններէ, բազմաթիւ մնացեալները, կարծէք, չտեսան ու չանդրադարձան կատարուած հրաշքին, որով դեռ Աստուած կը սպասէ, որ ամէն կիրակի գան եւ «փառք տան Տիրոջ», ինչպէս ալ ամէն գալուն` հնչեցնեն իրենց գոհաբանական սիրերգը. «Երթա՛նք, ցնծա՛նք Տիրոջ մէջ: Աղօթե՛նք Աստուծոյ` մեր Փրկիչին: Կանխե՛նք Անոր առջեւ խոստովանութեամբ ու սաղմոսներով հռչակե՛նք Զայն: Տէրն օրհնե՛նք նոր օրհնութեամբ, որովհետև սքանչելիքներ ըրաւ մեզի» (Սղմ. 54,1-2, 57,1):
Կատարուած հրաշքին առկայութեան դիմաց` այդ քոյրերուն և եղբայրներուն յիշեցնելու է.«Այսուհետեւ ապաշխարութեան արժանի պտուղ տուէ՛ք եւ մի՛ գոհանաք դուք ձեզի ըսելով (Մտթ. 3, 8)` «Աբրահամ մեր հայրն է»: Կ՛ըսեմ ձեզի, Աստուած կարող է այս քարերէն իսկ Աբրահամի զաւակներ յարուցանել: Ահաւասիկ տապարը մխրճուած է ծառերու արմատներուն մէջ, եւ ամէն ծառ, որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի ու կրակը նետուի» (Ղկ. 3, 8-9):
Այդ քոյրերն ու եղբայրները կը յամառին յեղյեղել ինքնագովութեամբ եւ եսաշպարումով. «Մենք տունը կ՛աղօթենք»: Բազմաթիւ պատասխաններէն անոնց կը տրուի այսօր սուրբգրային ու կենսափորձառական իմաստութեամբ օժտուած այս պատասխանը. «Տան մէջ իրապէ՛ս աղօթողը կ՛երթայ եկեղեցի` իր աղօթքը ջերմացնելու Սուրբ պատարագէն եւ իր հոգին լիցքաւորելու Աստուծոյ խօսքով»:
Անշուշտ եղան հաւատացեալներ, որոնք, բուժուած բորոտին պէս, յայտնեցին Աստուծոյ իրենց շնորհակալութիւնն ու Սիրամօր` իրենց երախտագիտութիւնը` գիտակցելով Տիրոջ այս խօսքին. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ» (Ես. 56,7. Ղկ. 19,46):
Քրիստոս, սակայն, կարծես, հիասթափ և յուսախաբ, հարցուց ու կը հարցնէ.«Միթէ բոլորին չտուի՞ այս եկեղեցին… Ո՞ւր են միւսները… Այս քիչերէն զատ չգտնուեցա՞ն շատերը, որ գային եւ գան փառք տալու Աստուծոյ…» (հմմտ. Ղկ. 17, 18):
Յիսուս բուժեց խնդրողները իրենց բորոտութենէն: Բորոտութիւնը քոսոտութիւնն է. անցեալին` անբուժելի ու փոխանցիկ հիւանդութիւն մը, զոր այսօր եթէ նկատենք հոգեբարոյապէս, անոր ախտաճանաչումէն պիտի եզրակացնենք, որ ներկայիս մէջ ալ վարակիչ ու տարափոխիկ դարձած է մարդերու յոռի ապրելակերպերով եւ վատ սովորութիւններով, որոնց մէջ կամակորութեամբ ու «անսխալական գիտեմճիութեամբ» յամառելով` այդ քոյրերուն եւ եղբայրներուն կարելի է յիշեցնել ամենագէտ Տիրոջ գանգատը.«Այս ժողովուրդը զիս շրթունքներով կը պատուէ. անոր սիրտը ինձմէ հեռացած է: Ի զո՜ւր ինծի պաշտամունք կ՛ընծայեն, որովհետեւ անոնց սորվեցուցած վարդապետութիւնը լոկ մարդկային պատուէրներ են» (Ես. 29,13. Մտթ. 15,8-9):
Այդ քոյրերուն եւ եղբայրներուն այսօր կազմած կարծեցեալ մեծամասնութեան դիմաց` Տէրը հարցուց ու կը հարցնէ. «Մարդու Որդին` Յիսուս Քրիստոս, երբ գայ, արդեօ՞ք հաւատք պիտի գտնէ երկրին վրայ» (Ղկ. 18, 8): Իսկ շնորհապարտ բուժեալին ըսաւ և ներկայի մէջ անոր հաւատարիմ ընկերակիցներէն իւրաքանչիւրին կ՛իմացնէ. «Ոտքի ե՛լ եւ գնա՛, հաւատքդ փրկեց քեզ»:
«Եթէ Տէրը չպահէ տունը, ի զուր կը յոգնին զայն շինողները»: Այս սուրբգրային իմաստութեամբ ամրապնդուած` կիրակնօրեայ ժամուորները պատարագիչին հետ կը կատարեն այս աղօթքը. «Դուն, որ կ’օրհնես Քեզ օրհնողները, ո՜վ Տէր, եւ կը սրբացնես Քեզի ապաւինողներս, փրկէ՛ այս ժողովուրդդ եւ օրհնէ՛ այս ժառանգութիւնդ:
«Սրբացո՛ւր զանոնք, որոնք սիրով ողջունեցին Քու տանդ վայելչութիւնը: Փառաւորէ՛ մեզ Քու աստուածային զօրութեամբդ եւ մի՛ լքեր մեզ` Քեզի վստահողներս: Բոլոր բարի տուրքերն ու բոլոր կատարեալ պարգեւները կ՛իջնեն վերէն` Քեզմէ, որ Հայրն ես Լոյսին: Եւ Քեզի՛ կը վայելէ փառքը, իշխանութիւնն ու պատիւը, այժմ և միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն»:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 18 Մայիս 2014