Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2011 - Ք. Լեւոնեան հայ վարժարանի պատուիրակութիւնը կը շնորհաւորէ մարոնիթ նորընտիր պատրիարք Ալ Րաիին

 

Հռոմ

 

Ուրբաթ
15 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան, Վատիկան սուրբ Պետրոս տաճառին մէջ իր գոհաբանական պատարագը մատուցանելէն ետք, մարոնիթ նորընտիր պատրիարք Ալ Րաիի շնորհաւորութիւնները ընդունեց մարոնիթներու քահանայապետական վարժարանի ընդունելութեան սրահէն ներս: Այս առթիւ, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի փոխ մեծաւոր տէր Թովմաս վրդ. Կարապետեան, ինչպէս նաեւ ժառանգաւորներ՝ Հրայր Զահթէրեան եւ Ղազար Պետրոսեան: Անոնք բոլորին անունով շնորհաւորեցին նորընտիր պատրիարքը, ինչպէս նաեւ վերելք մաղթեցին մարոնիթ Եկեղեցւոյ:

Շնորհաւորութիւններու աւարտին տէր Թովմաս, Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծաւորին ու ժառանգաւորներուն անունով շնորհաւորական խօսքերը եւ բարեմաղթութիւնները արձանագրեց այս առթիւ պատրաստուած յատուկ ոսկեմատեանին մէջ:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ