Դամասկոս, Սուրիա
Ուրբաթ 19 Սեպտեմբեր 2008ին ԱշրաՖիէի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի խորհուրդը հոգեւոր վարիչ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ Դամասկոս տեսակցելու
Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի Դամասկոսի մասնաճիւղի խորհուրդին հետ: Այս հանդիպման գլխաւոր նպատակն էր սերտացնել կապերը եւ գծել ապագայ ծրագիրներ Հ.Կ.Մ.Պատանեկանի զանազան մասնաճիւղներու միջեւ:
Խումբը դիմաւորեցին Հ.Կ.Մ. Դամասկոսի հրամանատար ընկ. Պերճ Տէր Սարգիսեան եւ նախկին հրամանատար ընկ. Շանթ Քէշիշեան: Ընդհանուր ծանօթացումէ ետք խումբը այցելեց Դամասկոսի պատմական վայրերը ինչպէս «Սիտ Նայա» եւ Ս.Պօղոսի ուխտատեղիները:
Ընկ. Մհեր Գալէնտէրեան Դամասկոսի Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի ձմեռնային շրջանի վերամուտի հաւաքի ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց ԱշրաՖիէի մասնաճիւղի գործունէութեան մասին եւ խրախուսեց ներկաները շարունակելու իրենց ընտրած ուղին, շեշտելով Հ.Կ.Մ. Պատանեկանի կարեւորութիւնը եւ դերը քրիստոնէավայել եւ հայեցի դաստիարկութեան առաքելութեան մէջ:
Ապա խօսք առաւ ԱշրաՖիէի մասնաճիւղի հոգեւոր վարիչ եւ միաժամանակ հիմնադիր հոգեւոր վարիչ Դամասկոսի մասնաճիւղի՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, ըսելով թէ պատանիները իրենց ստացած դաստիարակութիւնը կը ջամբեն յաջորդող սերունդներուն շեշտելով համագործակցութեան կարեւորութիեան մասին ներկայ ժամանակաշրջանին:
Ընդհանուր հաւաքէն ետք Դամասկոսի պատանիները խանդավառեցին ներկաները հայաշունչ երգերով եւ նուագներով, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ ամառնային բանակումի նկարները որ ըստ սովորութեան տեղի կ՛ունենայ Քեսապի մէջ:
Ապա խորհուրդները գումարեցին ժողով մը, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հ.Կ.Մ. Պատանեկանը մտահոգող հարցեր ինչպէս նաեւ մշակուեցան ապագայի միացեալ ծրագիրներ:
Այս այցելութիւնը իր աւարտին հասաւ ընթրիքով մը որմէ ետք ԱշրաՖիէի խորհուրդը վերադարձաւ Լիբանան: