Չորեքշաբթի, 18 Յուլիս 2012 - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունեց Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին


Երեւան

Երեքշաբթի, 17 յուլիս 2012-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին կողմէ:

Հանդիպման սկիզբը նախագահ Սերժ Սարգսեան ողջունեց իր հիւրը եւ գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ համագործակցութիւնը բարձր մակարդակի վրայ է, որուն կը նպաստեն նաեւ փոխայցելութիւններն ու քաղաքական աշխոյժ երկխօսութիւնը:

Սերժ Սարգսեան խնդրեց կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիէն` իր լաւագոյն բարեմաղթանքները փոխանցել Նորին Սրբութիւն Սրբազան Բենեդիկտոս ԺԶ.ին: Անցեալ տարեվերջին Նորին Սրբութեան հետ ունեցած իր ջերմ հանդիպումը, Հանրապետութեան նախագահին խօսքով, լաւ առիթ էր քննարկելու Հայաստանի եւ Վատիկանի յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգն ու հեռանկարները: Երկկողմ պատմական կապերը, հարուստ մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութիւնը, Սերժ Սարգսեանի համոզումով, համագործակցութեան շարունակական խորացման լաւագոյն նախադրեալներն են: Նախագահը նշեց, որ Հայաստանը եւ աւելի քան հազարամեայ քրիստոնէական աւանդոյթներ ունեցող հայ ժողովուրդը շատ բարձր կը գնահատեն Սուրբ Աթոռի դերը աշխարհի մէջ քրիստոնէութեան տարածման եւ արմատաւորման, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, փոխըմբռնման հաստատման, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան գործին:
 
Հանդիպումին զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ Հայաստանի եւ Վատիկանի միջեւ այս տարի լրացող դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակով երկկողմ յարաբերութիւններու երկարամեայ ընթացքը յաջողութեամբ կը զարգանայ եւ տարէի տարի աւելի կը խորանայ:

Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին իր կարգին Սրբազան Քահանայապետ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի լաւագոյն բարեմաղթանքները փոխանցած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին, Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին: Արեւելեան Եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահը նշեց, որ Հայաստանը այն երկիրն է, որ կը ձգտի աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն հետ փոխըմբռնման ու խաղաղութեան, եւ իր այս այցին միջոցով կը ցանկայ նաեւ յարգանք մատուցանել Հայաստանին, որ ունի այդպիսի ձգտում: Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Աթոռը հիացած է առաջին քրիստոնէական պետութեան` Հայաստանի պատմութեամբ, դարեր շարունակ քրիստոնէական արմատներուն անոր հաւատարմութեամբ:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ