Պէյրութ
Նախաձեռնութեամբ մարոնիներու Պշարա Ալ Րաաի պատրիարքին եւ հիւրընկալութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի՝ շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, երեքշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11-ին, Տար Ֆաթուայի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողովը, քննարկելու համար Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններն ու շրջանին դիմագրաւած ներկայ զգայուն կացութիւնը։
Վեհաժողովին ներկայ գտնուեցան Լիբանանի 17 համայնքներուն հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին նաեւ՝ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը։
Իր արտասանած խօսքին մէջ հանրապետութեան միւֆթի Քապպանի անդրադարձաւ ոչ միայն Լիբանանի, այլեւ` ամբողջ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ հաստատուած այն ուխտին, թէ իրենք պիտի հոգան իրարու ապահովութեան եւ անվտանգութեան:
Մարոնիթ Ալ Րաայի պատրիարքը նիստին մասնակիցներուն ներկայացուց Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Սուրիոյ միջադէպերուն մասին, իր մտահոգութիւնը յայտնելով այս առընչութեամբ, եւ մաղթեց որ Սուրիոյ մէջ ապահովական իրադարձութիւնները չյանգին սիւննի եւ ալեւի համայնքներուն միջեւ քաղաքացիական պատերազմի մը։
Վեհաժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդգծեց Արեւելքի մէջ քրիստոնէական գոյութեան կենսականութիւնը` շեշտելով Միջին Արեւելքի մէջ անոնց կարեւոր դերակատարութիւնը: Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան հարցերուն արտաքին որեւէ միջամտութիւն մերժելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհաժողովը ընդգծեց նաեւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ կատարելու եւ ընկերային ապահովութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանան կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` կառչած մնալով անոնց տունդարձի իրաւունքին գործադրութեան: