Ուրբաթ, 2 Հոկտեմբեր 2009 - Թէքէեան Եպիսկոպոսի մահուան 10-րդ տարելից

Պէյրութ, Լիբանան

Թէքէեան Եպիսկոպոսի մահուան 10-րդ տարելից

Կիրակի 11 հոկտեմբեր 2009-ին, Վարդան եպիսկոպոս Թէքէեանի մահուան 10-րդ տարելիցին առթիւ, հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ տեղի ունեցաւ նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ մատոյց Արհի. Նշան Արք. Գարաքէհէեան,  առաջնորդ Արեւելեան Եւրոպայի եւ Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց, սուրբ Գրիգոր - սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 11.30-ին:

Այս հանդիսաւոր պատարագին  ներկայ էին Մարոնիթ Սֆէյր կարդինալի ներկայացուցիչ՝ հայր Ապտօ Ապու Քասամ, նախկին նախարար Ժագ Չուխատարեան, Լիբանանի բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ, Իրանի հանրապետութեան  ներկայացուցիչ Լիբանանի մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերային կազմակերպութիւններու ու հոգեւոր հաստատութիւններու պատուիրակներ:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի արարողութիւն ի յիշատակ Թէքէեան եպիսկոպոսին, ուր փոխանցուեցաւ Սրբազան Բենետիկդոս ԺԶ. Քահանայապետին ուղղարկուած խօսքը Թէքէեան եպիսկոպոսի մահուան 10-րդ տարելիցին համար, ինչպէս նաեւ պրն. Պարոյր Աղպաշեան արտասանեց լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Մըլհեմ Գարամի խօսքը՝

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Հոգեւոր Հայրեր,
Բարեպաշտ հայրենակիցներ,

Պատիւն  ունիմ, յանուն Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի Նախագահ Մըլհեմ Գարամի, նախ զինք ներկայացնելու, ապա ոգեկոչելու յիշատակը Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Թեքէեանի:
Խոհուն  հոգեւորական մը, որուն բերած նպաստը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր հօտին ծառայութեան, ինչպէս նաեւ իր անմնացորդ նուիրումը իր ժողովուրդին բարորութեանց, եղան  բեղուն, յորդահաս եւ օրինակելի, իրեն համար վերպահելով յատուկ տեղ մը հայ եկեղեցւոյ անսասանութեան եւ յաւերժութեան մէջ:
Աստուածաբան եւ Աստուածագէտ այս տեսլապաշտ հոգեւորականը, որ մասնաւոր յարգանք կը վայելէր իր ժողովուրդին, կրցաւ սիրել ու սիրուիլ, ի վիճակի եկաւ անսակարկօրէն ծառայել, ծառայեցնել, եղաւ նուիրականութեան եւ զոհաբերութեան տիպար առաջնորդ մը:
Իբրեւ իմաստաբան եւ իմաստասէր, անոր հեղինակութիւնները եւ թարգմանութիւնները, ինքնատիպ ժառանգութիւններ կը նէստուին, որովհետեւ հոն արծարծուած նիւթերը համամարդկային բովանդակութեամբ յագեցուած են ու կը զգենուն օրինաչափական ու բարեմասնական արժանիքներ:
Իբրեւ ուսուցիչ եւ դաստիարակ հոգելոյս այս բարձրաթռիչ հոգեւորականը, դարձեալ լուսամիտ ճառագոյթումով, կրցաւ նորահաս սերունդներուն մօտ արթնցենել սիրոյ, հաւատքի եւ յուսոյ զգացումները, եղաւ իր աշակերտներուն մէջ ծառայասիրութեան, Աստուածասիրութեան ու Հայրենասիրութեան սերմեր բաշխող սերմնացանը:
Իսկ Իսպահանի մէջ, իր առաջնորդութեան շրջանին, ո՞վ կրնայ չհաւատալ որ ան չգործեց նոյն ձեռնահասութեամբ, բանիմացութեամբ ու ձեռներէցութեամբ, դառնալով իր հօտին արթուն ու քաջարի հովիւը, որովհետեւ ան էապէս եւ իրապէս հսկումի եւ առաքելութեան տէր հոգեւորականն էր:
Տիպար եւ ամրակրուած եկեղեպահանի մը յատկութիւններ են ասոնք, որոնք տրուած էին այս հոգեզմայլ առաջնորդին, որ գիտցաւ իր եկեղեցւոյ անունը բարձր պահել, իր ժողովուրդին ազգային աւանդութիւնները՝ վաս, իսկ իր հոգեւորականի արմանիքները՝ անբասիր:

 Մեզի՝ լրագրողներուս ու խմբագիրներուս համար. հպարտութիւն է, որ Վարդան Եպս. Թեքէեանի հասունութեամբ եւ իրատեսութեամբ, պատկարելիութեամբ ու խոհեմութեամբ վաստակով ու կղիւով գրչակից մը ունեցած ենք, որ վարած է Մասիս շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը:
 Հանուն թերթ մը, որ լիբանանեան մամուլի ընտանիքին մաս  կը կազմէ ու մինչեւ օրս լոյս կը տեսնէ, նիւթերու շահեկանութեամբ ու խմբագրականներու բարձր մակարդակով, որուն որակի եւ արմէքի պահպանման մէջ մէծ եղած է դերը հոգելոյս Եպիսկոպոսին, տակաւին 60-ական թուականներէն սկսեալ:
Լիբանանահայ մամուլը, իր կարգին, պէտք է շայուած զգայ, որ իր ծոցին մէջ ունեցած է այս տարածութեամբ մտքի ու հոգիի գրիչ մը, որ գիտցած է լաւապէս ներդաշնակել իր հոգեկան աշխարհը գրաւոր խօսքի արտայայտութեան հետ:
Վստահ եմ, որ օրին գնահատուած այս արժանաւոր հոգեւորականջ, իր մամուլի հանձքով ու բերքով, ամրանիստ խարիսի մը ներած է, իր նախորդներէն, իսկ իր հետնորդներուն կտակելով վերանորոգ պայծառամտութիւն եւ յատկատեսութիւն:
Ուրախելի է, որ այսօր յատուկ արարողութեամբ կ՛ոգեկոչուի յիշատակը բոլորիտ կողմէ հոգեկից այս առաջնորդին, որ եկեղեցւոյ ազնուաբարց սպսարքու մը ըլլալով հարդերձ, եղաւ մտաւորական բարեպաշտ մը, մտքի պեղող մը, գրիչի գիտակ մը եւ ինչ որ մեզի համար խիստ նշանագրելի է, մամուլի անխոնջ նուիրեալ մը:

Այս առիթով, Հւգեւոր Տէր, հոգելոյսի հարազատներ ու հաւատացեալ ներկաներ, ընդունեցէք Պրն. Մըլհէմ Գարամի, խմբագիրներու խորհուրդին ու համայն լրագրողներուն անկեղծ զգացումները, ի դէմս Արհի. Վարդան Եպիսկոպոս Թեքէեանի անմահ յիշատակին:

Ապա խօսք առին այս առթիւ Զմմառու վանքի մեծաւոր հայր Միքայէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, նախկին նախարար մեթր Ժագ Ճուխատարեան, եւ պրն. Պարոյր Աղպաշեան որ փոխանցեց լիբանանի խմբագիրներու սէնտիքայի նախագահ Մէլհէմ Քարամի խօսքը: Հոգեւոր Տէրը փակեց այս հանդիսութիւնը իր յիշատակի խօսքը փոխանցելով ներկաներուն  հանգուցեալ Թէքէեան եպիսկոպոսի մասին:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ