Վատիկան
Մոնսինիոր Մաուրիցիօ Մալվեսդիդի, որ երկար տարիներէ ի վեր կը կատարէ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ կարդինալի քարտուղարի եւ սոյն ժողովի սենեկապետի պաշտօնը, 22 Յունիսին Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ենթաքարտուղար անուանեց զինք Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին: 55 տարեկան այս քահանան ծնած է Իտալիոյ Պերկամօ քաղաքը: Այս պաշտօնին կը ծառայէր մինչեւ այսօր մոնսինիոր Նիտգիեւիչ:
Յիշենք որ Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու այս ժողովը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զարգացնելու յարաբերութիւնը Վատիկանի եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու միջեւ, քաջալերելով անոնց եկեղեցական, ծիսական եւ հոգեւոր ընթացքը, ինչպէս նաեւ անոնց աւանդութեան պահպանումը, որ ընդհանրական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար մեծ հարստութիւն է: