Չորեքշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2009 - Հ.Կ.Մ.ի բանակում Քեսապի մէջ

Քեսապ

 

Քեսապի  Հ.Կ.Մ.ի 7-րդ ամառնային բանակումը՝ Նուիրուած Ատանայի ու Քեսապի Կոտորածի1000 Ամեանկին

Քեսապի Հ.Կ.Մ.ի Խորհուրդը այս տարի ալ կազմակերբեց ին ամառնային 7-րդ բանակումը, Քեսապի  շրջակայքը գտնուող Էսքիւրան գիւղի ՛՛նահատակաց Տիրամօր՛՛ Վանքէն ներս: 31 Օգոստոսին մինչեւ 6 սեպտեմբեր երկարող օրերը պատեհ առիթը եղան 41 ջահակիր-պատանիներուն համար միասնաբար ապրելու,
ուրախանալու, աղօթելու եւ oգտաշատ բաներ իւրացնելու: Անոնք ազգակին ու հոգեւոր երգեր սորվեցան, անոնց դասախօսեց Լաթաքիոյ Սկաուտութեան 11-րդ ջոկատի խմբաբետ, ատամնաբուժ Հաննա Պրեպհան, որպէս  նիւթ ունենալով ՛՛Շտապ օգնութիւն ապահովելու միջոցբերը՛՛, նաեւ տպաւորիչ եւ յուզիչ մեր հոգեւոր վարիչին ներկայացուցած դասախօսութիւնը՝ ՛՛նկարներով ուխտագնացութիւն դէպի  պատմական հայկական Կիլիկիա՛՛, նաեւ հաճելի էր ծովագնացութիւնը, արշաւները եւ պահակութիւնը մինչեւ առաւօտ: Խարոյկահանդէսը տէղի ունեցաւ Շաբաթ, երեկոյեան ժանը 7-ին, ներկայութեամբ ծնողներուն եւ համակիրներուն: Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ, Հայանտանի ու Հ.Կ.Մ.ի քայլիկներով,ապա գնդապետ  ընկհ. Ռեբեկա Պէօճիւքեան հրաւիրեց ներկանները յոտնկայս մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու Ատանայի ու Քեսապի կոտորածի զոհերուն անթառամ յիշատակը:                                          

Օրուայ բեմավարուհին, Հ.Կ.Մ.ի վաստակաշտ Հրամանատար՝ ընկհ. Մարիէթ Նազարեան, հայերէն բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց թէ 7-րդ բանակումը կը նուիրուի Ատանայի ու Քեսապի 100 ամեակին: Իսկ արաբերէն խօսքը փոխանցեց Գնտապետ ընկհ. Դալար Ճուրեան, յայտնելով թէ շատ հաճելի ու օ$տաշատ  ժամանակ անցուցեր են բոլորը: Խարոըկահանդէսի յայտա$իրը շատ ճօխ էր ու կ՛ընգրկէր Հայկական երեք պարեր. որոնք խանդավառեցին ներկաները.առաւել՝ խմբային ազգայնաշունջ վեց երգեր:Զահակիր-պատանիները ներկայացուցին արտասանութիւն, նուագ, զաւեշտներ եւ աւետարանէն կերդանի պատկեր մը, իսկ յայտագրի աւարտին խորհուրդի անդամներէն ընկ. Խաչիկ Նազարեան կողմէ պատրաստուած, տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ որ կը պարունակէր Քեսապի Հ.Կ.Մ.ի անցնող եօթը տարիներու գործունէութիւնը եւ բանակումները: Հգեթով պահը հասած էր երբ մեր պատանիները մօմերով կանգնած կազմեցին  մեծ լուսաւոր խաչ մը ու երգեցին ՛՛Շնորհակալութիւն Յիսուս՛՛ երգը, պատրաստած էին Խորհուրդէն՝ ընկհ. Ալին Նազարեան եւ գնդապետ ընկհ. Արշօ Սուլեան: Քեսապի Հ.Կ.Մ.ի հոգեւոր վարիչ Հ.Գարեգին Քէօշքերեան փակեց  հանդիսութիւնը, անգամ մը եւս յիշեցնելով թէ այս տարի մենք կը նշենք Ատանայի ու Քեսապի կատորածի, թալանի, տեղահանութեան ահ ջարդի 100 ամեանկը.ատոր համար այց տարի վաշտերուն որպէս անուններ ընտերուած են.Կիլիկիա, Սիս ու Ատանա որպէսզի իւրաքանչիւր ջահակիր ու պատանի իր միտքին մէջ վառ պահէ այս անունները: Հ.Գարեգին  վերջաւորութեանգ նահատանքի խօսք ուղղեց Հրամանատար ընկհ. Մարիէթ Նազարեանին, Խորհուրդին բոլոր անդամներուն, Հ.Կ.Մ.ին անցուկ կան$նող անձերուն, եւ յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ աշխատանքներուն ու ապա պահպանիչով փակեց հադիսութիւնը:
Ներկանները հեռացան հոգեկան բերկրանքով, իսկ բանակող ջահակիրներն ու պատանիները Կիրակի, Ս. եւ Անմահ Պատարա$ին մասնակցելէ ետք մեկնեցան իրենց տուները ամոռանալի յիշատակներով:

                                                                   


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ