Երկուշաբթի, 26 Օգոստոս 2013 - «Հայաստանը` քրիստոնէութեան օրրան» Մշակութային Նախաձեռնութիւն Իտալիոյ Մէջ

Հռոմ

Oգոստոս 18-ին Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքի մէջ մեկնարկեց «Meeting di Rimini» ամենամեայ ֆորումի 34-րդ հանդիպումը, որուն մասնակցեցան Իտալիոյ վարչապետ Էնրիկօ Լետտան, Իտալիայի արտաքին գործերու, պաշտպանութեան, արդարադատութեան, ներքին գործերու եւ տնտեսական զարգացման նախարարները, Իտալիոյ խորհրդարանի անդամներ, ԵՄ երկիրներու շարք մը նախարարներ, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարտին Շուլց, Իտալիոյ ու շարք մը այլ երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան, մշակոյթի ոլորտի եւ ակադեմական շրջանակներու հեղինակաւոր ներկայացուցիչներ, Նոպելեան մրցանակի դափնեկիրներ:

Ֆորումի 34-րդ հանդիպման ծրագրի մէջ ներառուած են պատմամշակութային, գիտական, ազգագրական ու երաժշտական նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին էր նաեւ Հայաստանի պատմութեան ու Հայ ժողովուրդի ինքնութեան նուիրուած «Հայաստանը` քրիստոնէութեան օրրան» խորագիրը կրող համաժողովը, որուն ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ անուանի ֆոտոլրագրող Գրացիելլա Վիգոյի «Armenia» պատկերագիրքի ներկայացումը, ինչպէս նաեւ բացուեցաւ Հայաստանին, Արցախին եւ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին նուիրուած նոյն հեղինակի լուսանկարներուն ցուցահանդէսը:

Համաժողովին ելոյթով հանդէս եկաւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սարգիս Ղազարեան, որ անդրադարձաւ Իտալիոյ մէջ հայերու ներկայութեան գրեթէ 1500-ամեայ պատմութեան եւ Իտալիոյ կայացման ու բարգաւաճման գործին մէջ անոնց դերակատարութեան, հայ-իտալական ներկայ բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ անոնց յետագայ զարգացման հեռանկարներուն, Հայաստանի պատմութեան, միջազգային հարթակին անոր ներկայ դերին ու նշանակութեան:

Դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ ԵԽ-ի մէջ Հայաստանի նախագահութեան ծիրէն ներս ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան դէմ պայքարի գործին մէջ Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն, ընդգծեց Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումներու կարեւորութիւնը իբրեւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական արժեհամակարգի վրայ հիմնուած արդիական պետութեան գաղափարի իրականացում:
Համաժողովին խօսքով հանդէս եկան նաեւ իտալացի անուանի հայ գրող-հրապարակախօս Անտոնիա Արսլան, պարոնուհի Քերոլայն Քօքսը, Amber Capital Investment Management հաստատութեան խորհուրդի ղեկավար Ժոզէֆ Ուղուրլեան եւ «Armenia» պատկերագիրքի հեղինակ Գրացիելլա Վիգօ:

Համաժողովին ներկայ էին շուրջ 5 000 մասնակիցներ:
Համաժողովի ծիրէն ներս դեսպան Ղազարեան կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է Իտալիոյ վարչապետ Է.Լետտայի, պաշտպանութեան նախարար Մ.Մաուրոյի եւ Իտալիոյ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ, որոնք բարձր գնահատականի արժանացուցած են երկու ժողովուրդներու բազմադարեայ պատմամշակութային կապերու եւ ընդհանուր արժեհամակարգի վրայ հիմնուած ներկայ երկկողմ յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ Իտալիան ջանքեր չի խնայեր` Եւրոպայի հետ Հայաստանի մերձեցման գործընթացի եւ հայ-իտալական տնտեսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ