Շաբաթ, 4 Ապրիլ 2009 - Անթոնիա Արսլանի Նոր Վէպի Ներկայացումը Հռոմի Մէջ

 
Հռոմ, Իտալիա

«Արտոյտներու Ագարակը» վէպին հեղինակ՝ Անթոնիա Արսլան կը շարունակէ պատմել Մեծ Եղեռնի եւ յետ-եղեռնեան դէպքերու մասին նաեւ իր այս երկրորդ տործին մէջ, որ կը կրէ «Դէպի Իզմիր» վերնագիրը, ուր կանդրադառնայ յատկապէս աշխարհացրիւ հայ որբերու ճակատագրին:

Կազմակերպութեամբ Հռոմի Հայ Գաղութի Խորհուրդին եւ մասնակցութեամբ Րիցցօլի հրատարակչատան, Հինգշաբթի 22 Մարտ 2009-ին, տեղի ունեցաւ «Դէպի Երկիր» գրքին ներկայացումը Հռոմի Լեւոնեան  Հայ Դպրեվանքի շքեղ հիւրասրահին մէջ, որ ծայրէ ծայր լեցուած էր Անթոնիա Արսլանի համակիրներով: Անթոնիա Արսլան յայտնի դէմք է եւ համբաւաւոր գրագիտուհի Իտալիոյ գրական եւ մշակութային աշխարհէն ներս, եւ այդ պատճառով ալ գրքի շնորահանդէսին ներկայ էին Իտալական զանգուածային յաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչները:

Հանդիսասրահին խորքին դրուած սեղանին շուրջ, տեղ գրաւած էին La Stampa օրաթերթի լրագրող՝ միաժամանակ գրագէտ՝ Մարքօ Թոզաթթի, II Venerdi շաբաթաթերթի լրագրուհի՝ Պրունելլա Սքիզա , անոր կողքին հեղինակը, հուսկ Նիքոլէթթա Թիլիագուս II Foglio օրաթերթի լրագրուհին, որ յիշեց իր մեծ հօր ծագումը որպէս Իզմիրցի. Հռոմի Հայ Գազութի Խորհուրդի փոխ-նախագահ՝ Ռոպէր Աթթարեան կատարեց հանդէսի բացումը ներկայացնելով հեղինակն ու հիւր Լրագրողները:

Շատ հետաքրքրական միջամտութիւններ եղան: Մարքօ Թոզաթթի անգամ մը եւս անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հաստատելով կապը Արսալնի երկու հատորներուն եւ հայերու վերջին հարիւրամեակի պատմութեան միջեւ:

Իսկ Պրունելլա Սքիզա խօսեցաւ յատկապէս հատորի քնարերգականութեան եւ Անթոնիա Արսլանի գրչի երփներահութեան մասին:

Նիքոլէթթա Թիլլիաքոս վկայեց թէ ինչպէս իր յիշողութեան մէջ մնացած դէպքերը պատմուած իր մեծ հօր կողմէ (Իզմիր ծնած) իրականութեան կը համապատասխանէին, Արսլանի գրքին մէջ:

Ապա խօսք առաւ հեղինակը եւ անգամ մը եւս ներակենդանացուց Հայ ազգին պատմութիւնը ապրեցնելով ներկաներուն մէջ յուզիչ պահեր: Հաուկ բանքը արտասանեց Լեւոնեան դպրեվանքի մեծաւոր գերյ. Յովսէփ Ծ.վրդ. Քելեկեան, որմէ ետք Անթոնիա Արսլան մակագրեց «Դէպի Իզմիր» խորագրով հատորը, որ արդէն իսկ սպառած ըլլալով Րիցցօլի հրատարակչատունը արդէն վերահարատարակած է:  


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ