«Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը, Աստուած ղրկեց Իր Որդին,
որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ օրէնքի տակ, որպէսզի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը»
(Գաղատ. 4:4- 5)
Յոյժ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,
Ծննդեան տօները ուրախութիւն կը սփռեն ամէն տեղ՝ ըլլայ Եկեղեցիներուն մէջ հոգեպարար արարողութիւններով, ըլլայ տուներուն մէջ այլեւայլ արտայայտութիւններով եւ նուէրներով, մանաւանդ փոքրերուն համար:
Աստուած այնքան մօտ կ’ուզէ ըլլալ մեզի, որ մանուկ դարձաւ:
Երբ կեցած մսուրին առջեւ կը դիտենք Մանուկ Յիսուսը, այս փոքր եւ անզօր մանկիկը, որ կը կրէ թագաւոր խաղաղութեան եւ փրկիչ աշխարհի տիտղոսները, կը մտաբերենք Յիսուսին հարցումը իր աշակերտներուն. «Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին: Ոմանք, պատասխանեցին անոնք, Յովհաննէս Մկրտիչ, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը: Իսկ դուք, ըսաւ անոնց Յիսուս, ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» (Մտթ. 16, 13- 15):
Յիսուսին համար ամէնէն կարեւորը կը թուի ըլլալ ոչ այնքան թէ ինչ կը կարծեն մարդիկ, այլ ինչ կը խորհին իր մասին իր աշակերտները: Յիսուսին այս հարցումը ուղղուած է այսօր մեզի: Մեր պատասխանը այս հարցումին պիտի բանայ դուռը հետեւեալին՝ ի՞նչ տեղ կը գրաւէ Քրիստոս այսօր իմ կեանքիս մէջ: Իմ անկեղծ պատասխանէս կախում պիտի ունենայ ինծի համար՝ թէ Ծննդեան տօնին իմաստը եւ թէ իմ քրիստոնէական յանձնառումս որպէս Քրիստոսի աշակերտ եւ որպէս առաքեալ իմ շրջանակէս ներս:
Ոմանք իրենք զիրենք հաւատացեալ կը յորջորջեն: Անոնք կը հաւատան գերագոյն էակին, արարիչին եւ անդենական կեանքի: Այս տեսակ հաւատքը քրիստոնեայ հաւատք մը չէ, այլ աստուածադաւան հաւատք, որ ոչ քրիստոնեաներն ալ կ’ընդունին:
Թղթատելով Նոր Կտակարանը, կը նշմարենք որ ոմանք հեռու մնացած են հաւատքի բուն իմաստէն: Ս. Պօղոսին համար, հաւատքը՝ ան է որ կ’արդարացնէ մեղաւորը եւ կը պարգեւէ Սուրբ Հոգին, այլ խօսքով՝ ան է որ կը փրկէ, որովհետեւ հիմնուած է Յիսուս Քրիստոսի մահուան եւ յարութեան վրայ:
Ս. Յովհաննէսին համար, «հաւատքը որ կը յաղթէ աշխարհի» Յիսուս Քրիստոսի վրայ հաստատուած պէտք է ըլլայ: Ան կը գրէ «Ո՞վ է աշխարհի յաղթողը, եթէ ոչ ան որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է» (Ա. Յովհ. 5, 5): Այս ճշմարտութեան դիմաց, մեր առաջին գործը պիտի ըլլայ կատարել անվերապահ հաւատքի ներգործութիւն մը:
Յիսուս մեզի ըսաւ.«Քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Ես յաղթեցի աշխարհի» ( Յովհ. 16, 33): Յիսուս ոչ միայն յաղթեց իր ժամանակի աշխարհին, այլ բոլոր ժամանակներու աշխարհին: Ուստի, վախը կամ համակերպութիւնը տեղ չունին հաւատացեալին սրտին մէջ, որ դրած է իր յոյսը Յիսուսի հետեւեալ խոստումին վրայ. «Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց Իմ խօսքերս պիտի չանցնին» (Մտթ. 24, 35): Ամէն բան վերջ պիտի գտնէ բացի Յիսուսի խօսքերէն: Հոն է մեր հաւատքի եւ յանձնառումի ոյժը եւ ապահովութիւնը:
Հետեւաբար, չենք կրնար լուռ կենալ. իրաւունք չունինք անշարժ մնալու: Մեզի կ’իյնայ աշխատիլ պատասխանելու համար առօրեայ քրիստոնէական հաւատքի դէմ յարուցած այլեւայլ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս Ս. Պետրոս կ’ազդարարէ. «Պատրաստ եղէք միշտ հեզութեամբ եւ երկիւղածութեամբ պատասխան տալու ամէն անոնց, որոնք կը հարցնեն ձեր յոյսին մասին» (Ա. Պետ. 3,15):
Հաւատքը ծնունդ կ’առնէ մարդուն սրտին մէջ երբ լսէ քարոզութիւնը Քրիստոսի մասին, եւ ոչ թէ ուսում ընելով կամ գիրք կարդալով, որովհետեւ հաւատքը աստուածային առաքինութիւն մըն է: Այսպէս կը վկայէ նաեւ Ս. Պօղոս երբ կ’ըսէ. «Ինչպ՞էս պիտի հաւատան, եթէ չլսեցին. հաւատքը կու գայ քարոզութենէն եւ քարոզութիւնը Յիսուսի խօսքին» (Հռ. 10, 14.17):
Արդե՞օք քարոզչութիւնը լոկ քահանաներուն ձգուած է եւ աշխարհականները կրաւորական դիրք պէտք է բռնեն: Ոչ, ամէն անձ՝ իր մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներու հանգամանքով, պէտք է վկայէ իր հաւատքին՝ խօսքով եւ գործով, մանաւանդ որ կղերականները ամէն տեղ չեն գտնուիր: Կաթողիկէ նոր շարժումներուն մօտ կը գտնենք բարեբախտաբար պատրաստուած աշխարհականներ, որոնք քաջաբար վկայութիւն կու տան իրենց կեանքով եւ իրենց գործին մէջ:
Ամէն աղօթքին սկիզբը կ’ըսենք. «Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս Ամէն»: Ասիկա պարզ բանաձեւ մը չէ: Եթէ մէկը խոստովանի մսուրին առջեւ կամ Ս. Հաղորդութեան առջեւ թէ Յիսուս իր Տէրն է, ասիկա հաւասար է ըսելու՝ Յիսուս Քրիստոս իմ վրաս իշխանութիւն ունի, իմ կեանքիս ղեկը իրեն յանձնած եմ: Չեմ ուզեր այլեւս ապրիլ ինծի համար. այլ իրեն համար միայն, որ մարմնացաւ, մեռաւ եւ յարութիւն առաւ ինծի համար. ինչպէս Ս. Պօղոս կը յիշեցնէ Կորնթոսի քրիստոնեաներուն. «Ինք, այսինքն Յիսուս, մեռաւ ամէնուն համար, որպէսզի ապրողները այսուհետեւ չապրին իրենք իրենց, այլ անոր՝ որ մեռաւ իրենց համար եւ յարութիւն առաւ» (Բ. Կրն. 5,15): Ապրիլ Յիսուսին համար եկեղեցականներու եւ կրօնաւորուհիներու պարտականութիւնը չէ միայն, այլ ամէն քիստոնեայի , ձեզմէ ամէն մէկուն համար:
«Յիսուս իմ Տէրս է» կը նշանակէ մտցնել Ս. Աւետարանի խօսքերը կեանքիս բոլոր գործերուն մէջ: Բարեյիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. կ’ըսէր. «Քրիստոսին բացէ՛ք լայնօրէն ձեր կեանքի դռները եւ մի՛ վախնաք»: Երբ ընտանիքները կ’այցելեմ միշտ կ’առաջնորդեն զիս ամէնէն լաւ կարգաւորուած սենեակը: Յիսուսին հետ հակառակը պէտք է ընել: Բացէ՛ք Իրեն ձեր կեանքին անկարգ անկիւնները, որպէսզի զանոնք կանոնաւորէ եւ մանաւանդ ձեր դիտաւորութիւններով լեցուն միտքը: Հարցուցէք դուք ձեզի՝ որ՞ուն համար կ’աշխատիք եւ ի՞նչ բանի համար այս կամ այն գործը կը կատարէք: Քրիստոսի համար արդ՞եօք կամ ձեզի համար. Քրիստոսի փառքին թէ ձեր անձնական փառքին համար: Այս խորհրդածութիւնները լաւագոյն ձեւն են ձեր սիրտը լաւապէս պատրաստելու Յիսուսը ընդունելու համար ծննդեան հոգեպարար այս տօնին առիթով:
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեր սրտերը լայն բացէք Յիսուսին, որպէսզի զայն լեցնէ ամբողջովին եւ երջանիկ ըլլաք:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ. օրհնեալ է անոր ծնունդը:
Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց