Ուրբաթ, 23 Օգոստոս 2013 - Սուրբ Կոյսին Վերափոխման տօնը Դամասկոսի մէջ


Սուրբ Կոյսին Վերափոխման տօնը Դամասկոսի մէջ

Կիրակի, 18  օգոստոս 2013,  Սուրբ Կոյսին Վերափոխման տօնին առիթով, Դամասկոսի Հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, զոր մատուցանեց Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. Յովսէփ եպս. Առնաութեան։ Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնք եկած էին իրենց սէրն ու յարգանքը արտայայտելու Սուրբ Կոյսին եւ աղօթքով խնդրելու անոր բարեխօսութիւնը Սուրիոյ խաղաղութեան, առողջութեան ու անվտանգութեան համար։ Շարականներու երգեցողութիւնը կատարեցին «Քնար» երգչախումբի անդամները։

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողի օրհնութիւնը ըստ հայկական ծէսին։ Ներկաները առիթը ունեցան շնորհաւորելու միմիանց այս մեծ տօնին առիթով եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ փոքրիկ հիւրասիրութիւն մը։ Իսկ Տիկնանց վարչութիւնը պատրաստած էր փոքր անակնկալ մը բոլոր Մարիա, Մարի, Մարիամ անունը կրող ներկայ Տիկիններուն եւ Օրիորդներուն, շնորհաւորելով անոնց անուանակոչութեան տօնը եւ փոքր ծաղկեփունջներով պատուելով զանոնք։ Գերապայծառ տէրը այս առիթով անգամ մը եւս շնորհաւորեց բոլորը մաղթելով որ ներկայ մայրերը օրինակ կը դառնան իրենց զաւակներուն, եկեղեցասիրութեան մէջ ու Սրբուհի Մարիամի հանդէպ ջերմեռանդութեամբ։

Այսպէս կեանքը կը շարունակուի Դամասկոսի մէջ։ Բոլորին միակ աղօթքն ու մաղթանքն է որ վերջ տրուի այս ցաւալի պատերազմին ու խաղաղութիւնը անգամ մը եւս հաստատուի այս գեղեցիկ երկրին վրայ։

Թղթակցութիւն՝
Դամասկոսէն


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ