Զալքա, Լիբանան
Չորեքշաբթի, 15 փետրուար 2012, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-էն սկսեալ հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարան նշեց Վարդանանցի տօնը: Արդարեւ, Լիբանանի եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Փերլա Գանթարճեան, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ Քաջն Վարդանի, Ղեւոնդ Երէցի եւ իրենց ընկերակցիներուն կատարած քաջագործութեան, որուն պատճառով հայը ճակատաբաց կը նայի պատմութեան երեսին:
Բացման խօսքէն ետք, Մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, որոնց մէջ երկու տղաք իրենց հագած զգեստներով մարմնաւորած էին Վարդան սպարապետն ու հայր Ղեւոնդ Երէցը, կենդանի պատկերով եւ արտասանութեամբ ներկայացուցին Վարդանաշունչ երգեր ու արտասանութիւններ:
10-րդ դասարանի աշակերտ Ճոնի Իսկէնտէրեան Վարդանի ճառը ընթերցեց, աշակերտութեան մէջ առթելով հայրենասիրութեան ապրումներն ու Հայրենիքին ու կրօնքին հանդէպ կառչածութեան զգացումները: Ան մէջբերեց Վարդանի այն կոչը, զոր ուղղեց իր բանակին՝ «չնահանջել մահկանացու մարդու ահարկու սուրին առջեւէն, որովհետեւ եթէ Տէրը յաղթութիւն ձգէ մեր ձեռքը, պիտի փշրենք անոնց զօրութիւնը, որպէսզի բարձրանայ ճշմարտութեան կողմը»:
7-րդ դասարանի աշակերտուհի Անի Այրանեան՝ ճկուն մատներով դաշնամուրի վրայ նուագեց Առնօ Պապաճանեանի կտորներէն հատ մը, որմէ ետք Առաջին դասարանի աշակերտուհի Աքասիա Ազատեան իր մանկական բայց շատ սահուն հնչումներով ասմունքեց «Ձօն Վարդանի» արտասանութիւնը
Ապա օրուան հանդիսավարուհի Փերլա Գանթարճեան աշակերտներուն ծանօթացուց օրուան պատգամախօսը՝ հայկական մամուլին ծառայող եւ «Արարատ» օրաթերթի պատասխանատու խմբագիր Պրն. Ահարոն Շխըրտմեանը ու բեմ հրաւիրեց զինք: Պրն. Շխըրտմեան ըսաւ, թէ «իւրաքանչիւր ժողովուրդ ունի զինք յատկանշող թուական մը, որ իր ազգային նկարագիրը կերտած կ՚ըլլայ: Իր պատմութեան մէջ ժողովուրդներ կ՚ունենան դէպք մը, որ բաւարար ըլլայ գիտակցելու այդ ժողովուրդներուն նկարագրին: Հայոց պարագային 4-րդ եւ 5-րդ դարերն են յատկանշականները, որոնց ընթացքին մեր ազգը ապրեցաւ նշանակալից դէպքեր, ինչպէս քրիստոնէութեան ընդունումը, գիրերու գիւտը, մշակութային Ոսկեդարը եւ Վարդանանց հերոսամարտը, որմով ամրապնդեցինք մեր գոյութեան իրաւունքը: Այս չորս դէպքերը կ՚ուրուագծեն մեր ազգային նկարագիրը»:
Շխըրտմեան դիտել տուաւ, որ ամէն աշակերտ կ՚երազէ ըլլալ մէկական Վարդաններ, Շուշաններ եւ Ղեւոնդներ, որովհետեւ հայ սերունդները դաստիարակուած են անոնց հայրենասիրական շունչով: Ան նաեւ անդրադարձ կատարեց ըսելով, թէ «5-րդ դարուն հայ ժողովուրդը միանալով եկեղեցւոյ ներկայացուցիչին եւ բանակի սպարապետին միասնաբար մերժեցին ձուլուիլ օտար ազգերու իշխանութեան մէջ, գիտակցելով գացին պատերազմի դաշտ եւ անմահացան, որովհետեւ մահ ոչ-իմացեալ մահ է... մահ իմացեալ անմահութիւն է»: Պրն. Շխըրտմեան եզրափակեց ըսելով. «Մեր ճակատամարտը չաւարտեցաւ, այդ միայն մէկ հանգրուան մըն էր մեր գոյատեւման պայքարին մէջ: Մենք չպարտուեցանք, որովհետեւ յետագային հսկայական կայսրութիւններ գիտակցեցան, որ չեն կրնար մեզի կրօնափոխ ընել փորձել, եւ այս պատճառով մեր ժողովուրդը արժանի է յիշատակութեան ու ամէն յարգանքի»:
Պատգամախօսը կոչ ուղղեց աշակերտներուն ուխտել վերանորոգել Վարդաններու հայրենասիրութիւնը, նուիրումը եւ հաւատքը, որովհետեւ հաւատքը մեզ տարաւ մեծամեծ նուաճումներու, հաաւտքով ձեռք բերինք Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնը, եւ հաւատքով է որ պիտի շարունակենք պահանջատէր դառնալ մեր պապենական հողերուն ու մեր նախահայրերուն թափած ծով արեան իրաւունքին: Ան խրախուսեց աշակերտները «երդնուլ ծառայել հայրենիքին, եկեղեցիին, դպրոցին ու մշակոյթին, որովհետեւ այն ատեն պիտի ըլլանք Վարդանի իսկական ժառանգորդները»:
6-րդ դասարանի աշակերտները ելոյթ ունեցան «Գողթնի Քնարք» եւ «Հայ Ապրինք Եղբայրք» երգերով, որոնցմէ ետք 6-րդ դասարանի աշակերտները ասմունքեցին բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի «Վարդանանց Խորհուրդը» քերթուածը:
Հուսկ բեմ բարձրացաւ Վարժարանիս տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ, թէ «այսօրուան մեր հոս հաւաքուած ըլլալը, հայ կրթօճախի ներքոյ, հայերէն խօսիլը, Հայոց Պատմութիւնը գիտնալը ապացոյց է, որ մենք □արժանաւոր ժառանգորդներն ենք Մամիկոնեաններու վեհ տոհմին»: Ան կոչ ուղղեց նաեւ, որ «հայկական վարժարաններուն մէջ ստացած ազգային ու քրիստոնէական ոգին փոխանցենք սերունդէ սերունդ»: Տիկ. Պոյաճեան խնդրեց հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանէն, որ օրհնութեամբ փակէ յայտագիրը: Հայր Կռանեան հայ աշակերտին պարտականութիւնը նկատեց «մնալ հայ, քրիստոնեայ հաւատացեալ եւ կառչած իր ունեցած արժէքներուն»: Այս մաղթանքէն ետք ան աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԳԷՈՐԳ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ