Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2007 - Նորվեկիոյ Նորանշանակ Դեսպանը Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Պէյրութ, Լիբանան
 

 
Ուրբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2007ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն ներս ընդունեց Լիբանանի մօտ Նորվեկիոյ նորանշանակ դեսպան՝ Տիկ. Աուտ Լիզ Նորհէյմ, որուն Կընկերակցէր Նորվեկիոյ հիւպատոս՝ Մարթին Իթերվիք : Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:
Շուրջ կէս ժամ տեւած ծանօթացման հանդիպումին ընթացքին Հոգեւոր Տէրը դեսպանին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի ներկայ տագնապալից վիճակը:
Հոգեւոր Տէրը ընդառաջելով մեծարգոյ հիւրին հետաքրքրութեան, լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Լիբանանահայ կաթողիկէ համայնքին եւ Զմմառու դարաւոր վանքին մասին:
Խօսակցութիւնը նաեւ շօշափեց շրջանային իրավիճակը եւ Լիբանանի կացութեան հայող խնդիրներ: Մեծարգոյ Հիւրը տեղեկացուց յատկապէս Լիբանան-Նորվեկիա փոխ յարաբերութիւններուն մասին, մասնաւորաբար մշակութային, տնտեսական եւ կրթական մարզերէն ներս:  Նշուեցաւ նաեւ Հայ-Նորվեկիական պատմական բարեկամութեան մասին:
Հանդիպման աւարտին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհաւորեց նորանշակ դեսպանը, յաջողութիւն մաղթեց անոր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորվեկիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերուած հոգատար ուշադրութեան համար:

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ նաեւ խօսելու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, ինչպէն նաեւ Նորյեկացի մեծ հայասէր՝ ՖրիտճոՖ Նանսէնի ծառայութեան մասին հայ ժողովուրդին:

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ