Երկուշաբթի 18 Օգոստոս 2008ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մեկնեցաւ Եգիպտոս, ներկայ գտնուելու եւ նախագահելու քրոջ՝ Քլէրի յուղարկաւորութեան արաողութեան որ տեղի ունեցաւ նոյն օրը երեկոյեան ժամը 4:00ին Գահիրէի ՀայԿաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:
Արարողութեան ներկայ էր Արհի. Տէր Օգոստինոս Եպս. Գուսան՝ Առաջնորդ Արբազան Աղեքսանդրիոյ Թեմի, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, Տէր Ժիրայր քհնյ. Անանեան ինչպէս նաեւ առաջնորդներ եւ եպիսկոպոսներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Արարողութեան աւարտին Արհի. Տէրը ցաւակցութիւններ յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ բոլոր Սիւնհոդոսկան հայրերուն կողմէ:
Նոյն օրը Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ցաւակցութիւններ ընդունեց մինչեւ ուշ գիշեր: Ցաւակցութիւններ յայտնողներու շարքին էին Ղպտի կաթողիկէներուն պատրիարքը Անթօնիոս Նակիպ, Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալէտ Զիատէ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային կապով ցաւակցութիւններ յայտնեցին Հայաստանի եւ Սուրիոյ դեսպանատուները եւ այլ պաշտօնական անձնաւորութիւններ:
Հոգեւոր Տիրոջ մեկնումէն առաջ, սրբազան առաջնորդ հայրը Հոգեւոր Տիրոջ հրաւիրեց Եգիպտոս հովուական այցելութիւն կատարելու համար եւ անոր նուիրեց իր քահանայութեան 25 ամեակի մետալը:
Ամեն. Հոգեւոր Տէրը Կիրակի 24 Օգոստոսին առաւօտեան ժամը 10:30ին Ս.Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը պիտի կատարէ Զմմառու վանական եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ցաւակցութիւնները պիտի ընդունի վանքի դահլիճին մէջ:
Չորեքշաբթի 20 Օգոստոս 2008ին Ամեն. Հոգեւոր Տէրը վերադարձաւ իր նստավայրը, Լիբանան:
Դիւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան