Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2012 - Գերապատիւ տէր Թովմաս վրդ. Կարապետեան պաշտպանեց դոկտորական աւարտաճառը


Հռոմ

27 մարտին, Հռոմի Անճելիքում քահանայապետական համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ, տեղի ունեցաւ  տէր Թովմաս վրդ. Կարապետեանի դոկտորական աւարտաճառի պաշտպանութեան նիստը ի ներկայութեան փրոֆ Լորէնծօ Լորուսսոյի:
Տէր Թովմաս վարդապետ որպէս աւարտաճառի նիւթ ընտրած էր «Ամուսնութեան համար արենական եւ խնամիութեան կապերու արգելքները, ըստ հայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան եւ օրէնսդրութեան»:
Յիշենք, որ տէր Թովմաս քահանայ ձեռնադրուած է 2003-ին, աշխատած է Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմէն ներս, ապա 2007-էն մինջեւ 2011 եղած է փոխ տեսուչ Լեւոնեան Ք. Հայ վարժարանին, Հռոմ:
Կայքէջիս խմբագրութիւնը կը խնդակցի տէր Թովմասին հետ, անոր մաղթելով բարի առաքելութիւն:


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ