Վատիկան
Անցեալ մարտի 21-ին, թրքական կողմէն Քեսապի հայաբնակ աւանին ուղղութեամբ անակնկալօրէն սանձազերծուած զինուորական թափանցումի գործողութիւններուն հետեւանքով` քեսապահայութեան տեղահանութեան եւ ստեղծուած ծայր աստիճան տագնապալի իրավիճակին ի տես, շաբաթ, 29 մարտին հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական հոգեւորական եւ աշխարհական պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Բերիոյ Թեմի առաջնորդ` արհիապատիւ Պետրոս արքեպ. Միրիաթեանին, մեկնեցաւ Լաթաքիա, մօտէն տեղեկանալու Քեսապահութեան իրավիճակի մասին եւ տեղահանուած ընտանիքներուն ապահովելու զօրակցութիւն, մօտիկութիւն եւ օժանադակութիւններ ապահովելու։
Այս առթիւ Քեսապի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Հայր Նարեկ Լուիսիան, Ռատիովատիկանին փոխանցեց հետեւեալ հակիրճ տեղեկութիւնը` http://media01.radiovaticana.va/audiomp3/00420824.MP3
http://hy.radiovaticana.va/news/2014/03/31/քեսապահայութիւնը_թէեւ_կը_տառապի,_սակայն_կը_մնայ_կառչած_իր_հողին_եւ/arm-786413