Կիրակի, 6 Մայիս 2007 - Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան Եկեղեցւոյ 150 Ամեակ

 
Պոլիս, Թուրքիա

 

 

Կիրակի 6 Մայիս 2007ին, Սամաթիոյ Անարատ Յղութեան Եկեղեցին տօնեց իր հիմնադրութեան 150 ամեակը եւ Երանելի Տէր Կոմիտաս Քահանային նահատակութեան երկուհարիւր ամեակը:


Նախագահութեամբ Արհի.Յովհաննէս Արք.Չոլաքեանի՝ Առաջնորդ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Սուրբ Պատարագ մատուցեց Արհի. Գէւորգ Արք.Խազումեան:Պատարագին մասնակցեցաւ Սամաթիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Աբրահամ Վրդ. Ֆիրաթեան. երգեցողութիւնը կատարեց թեմական երգչախումբը ղեկավարութեամբ Տիար Լեւոն Երոյեանի:

Յաւարտ Ս.Պատարագին, կղերը եւ ժողովուրդը յաւուր պատշաճի աղօթքներն ու երգերը կատարեցին Երանելի Տէր Կոմիտաս Քահանային եւ վկային խորանին առջեւ: Ապա անոր օրհնութեամբ զօրացած, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի մօտակայ ճաշարանը, ուր համտեսեցին օրուան համեղ ուրախութեան ճաշը:

Վկային երանութիւնը կատարուեցաւ 23 Յունիս, 1929ին:

Կը յիշեցնենք որ Սամաթիոյ Եկեղեցին նուիրուած է Անարատ Յղութեան Սուրբ Աստուածամօր եւ կառուցուած է 1857ին հին փոքրիկ մատուռի մը վրայ որ շինուած է 1839ին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ