Երեւան
Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կայքը ստորեւ կը ներկայացնէ Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի միջամտութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի 5-րդ նիստին ընթացքին, Երեւանի մէջ, 29 յունուար 2015ին:
«Վսեմափայլ Սերժ Սարգսեան, Նախագահ Հայաստանի Հանրապետութեան,
Վսեմափայլ Բագօ Սահակեան, Նախագահ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Նորին Սրբութիւն Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց,
Նորին Սրբութիւն Արամ Առաջին, Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ,
Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի Նախագահ,
Մեծայարգ պետական այրեր,
Յարգարժան ներկայացուցիչներ հայկական կառոյցներու։
Հաւաքուած ենք Հայկական Պետութեան հովանաւորութեան տակ, ազդանշանը տալու համար Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն, որոնք սահմանուած են վերջին շուրջ մէկուկէս դարու հայոց պատմութեան մէջ անկիւնադարձային հանգրուան մը դառնալու։
Այն ինչ որ Օսմանեան պետութիւնը ծրագրեց ու գործադրեց 1915-ին Կայսրութեան հայաբնակ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ իր հաւատարիմ, պարկեշտ, օրինապահ, ստեղծագործ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն դէմ՝ ժամանակի պայմաններուն ու պարագաներուն պարտադրանքով գործուած գազանաբարոյ պատահական արարք մը չէր, այլ՝ կանխամտածուած ու նախապատրաստուած ցեղասպանութիւն մը, աւելին՝ բառին ամբողջական առումով ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ մը, այնպէս ինչպէս այնքան իրաւամբ զայն կ'որակէ անուանի լիբանանցի իրաւապաշտպան Մէթր Մուսա Փրէնս։ Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած եւ 1975-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 60-րդ տարելիցին առթիւ հրատարակուած իր աւելի քան 2000 էջնոց ուսումնասիրութիւնը խորագրելով. «Un Génocide Impuni - l’ARMÉNOCIDE», որ թարգմանի՝ (Անպատիժ մնացած ցեղասպանութիւն մը՝ Հայասպանութիւնը): Միջազգային իրաւագէտը միաժամանակ կը զգուշացնէր միջազգային ընտանիքը, որ ցեղասպանութիւն մը որ անպատիժ կը մնայ՝ քաջալերանք է ուրիշ ցեղասպանութիւններու ծնունդին։ Եթէ ան այսօր ողջ ըլլար, ան վստահաբար պիտի աւելցնէր. Հայոց Մեծ Եղեռնի պատմական իրողութեան ուրացումն ու ժխտումը եւ յանցագործութեան հետքեըը ջնջելու ամէն փորձ եւս քաջալերանք է նոր ցեղասպանութիւններու կատարման։
Գազանացած օսմանեան իշխանութիւնները ուզեցին ու փորձեցին ոչ միայն ֆիզիքապէս ջնջել հայութիւնը, այլ անոր գոյութիւնը յիշեցնող ամէն հետք աշխարհի քարտէսէն եւ քաղաքակրթութեան պատմութեան էջերէն։ Այս նպատակով աւերեցին հայու հաւատքի ու մշակոյթի կոթողները, հայածին ու հայադրոշմ ամէն արժէք ու մնացին եւ դեռ կը մնան անպատիժ՝ հակառակ պետական ու պաշտօնական արխիւներուն մէջ կուտակուած վկայագրութիւններուն եւ պատմական իրողութեան ճանաչումին բազմաթիւ երկիրներու ու միջազգային կառոյցներու կողմէ։ Այս իրողութիւնը շրջելու եւ պատմական արդարութիւնը վերականգնելու մարտահրաւէրին առջեւ կը գտնուինք այսօր ազգովին՝ մեր Պետութեամբ ու Եկեղեցիով շարունակելով յիշել, ապա միջազգային բեմերուն վրայ մեր Պետութեան թիկունքին կանգնած եւ անոր թիկունքին յենած՝ յիշեցնել ու պահանջել։
Այս իրողութիւնը շրջելու աշխատանքը այսօր չէ որ պիտի սկսի։ Ան սկսաւ բարեխնամ Աստուծոյ խնամատար ձեռամբ ոռոգուած Հայկական անխորտակելի կաղնիի վերընձիւղումով դար մը առաջ։ Արդարեւ, այդ աշխատանքին սկսան ցեղասպանութենէն ճողոպրած՝ բռնագաղթուած, տարագիր հայութեան աշխարհասփիւռ հալումաշ բեկորները, որոնց շառաւիղներն ենք մենք, այսօր բարձրաճակատ ու հպարտօրէն համախմբուած հայկական պետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ Մեզ այսօրուան հասցնող ճանապարհը հարթ ու կանաչապատ չեղաւ։ Զայն բացին ու լուսաւորեցին դար մը ամբողջ, ամէն տարի, մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակով ներշնչուող եւ անոնց Կտակով առաջնորդուող սերունդները, համախմբուելով մեր ազգային, եկեղեցական, քաղաքական, մշակոյթային կառոյցներուն շուրջ։ Նահատակաց յիշատակը ոգեկոչող սգոյ մոմերը 50 տարիներ առաջ վարեցին պահանջատիրական պայքարի ջահը, զոր երկու տասնամեակներ առաջ աւելի բարձրացնելու ու բոցավառելու եկաւ հայկական անկախ պետականութիւնը։
Դար մը առաջ սկսած յիշելու, յիշեցնելու ու պահանջելու համազգային աշխատանքին նոր ծաւալ, սլացք ու որակ տալու կոչուած ենք այսօր՝ աւելի միակամ, համախմբուած ու միասնական շարքերով։
Անցեալ Սեպտեմբերին կայացած Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովին կողմէ որդեգրուած Յայտարարութիւնը կ'աւարտէր հետեւեալ կարգախօսով.- ՄԵՆՔ ՈՒԺԵՂ ԵՆՔ ՄԻԱՍԻՆ։
Այո՛ Միասի՛ն՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք։ Այս հաստատումը իր արտայայտութիւնը պէտք է գտնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած իւրաքանչիւր ձեռնարկի մէջ, անով պէտք է առաջնորդուի իւրաքանչի՛ւր հայ՝ աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուի եւ մանաւանդ նո՛ր սերունդը, անով պէտք է մուտք գործենք իրաւական դաշտ, որպէսզի 100-րդ տարելիցը իրապէս անկիւնադարձային ըլլայ։ Աստուծոյ կամքով եւ ամէն: