Պէյրութ
Երեքշաբթի, 13 նոյեմբեր 2012-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորագիր մը յղեց Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Թէոտորոս Բ.ի գահակալութեան առթիւ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը ուղերձին մէջ եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ուղիղ առաջնորդելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը Աստուծոյ, Տիրամօր եւ ամէն սուրբերու օրհնութեամբ: