Երկուշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2012 - Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը Պէյրութի մէջ


Պէյրութ

Կիրակի, 16 սեպտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, վերջ տալով Լիբանան եռօրեայ պատմական այցելութեան։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյման, վարչապետ Նաժիպ Միքաթի, պետական ու քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերու ներկայացուցիչներ։
Սրբազան պապը իր հրաժեշտի խօսքին մէջ յայտնեց թէ ան կ’աղօթէ, որ Լիբանան շարունակէ ապրիլ խաղաղութեամբ եւ դիմադրէ բոլոր սպառնալիքներուն։ Ան յոյս յայտնեց, որ Լիբանան, յատկանշուած իր բազմազանութեամբ, պահէ այս շնորհքը եւ հաստատ մնայ հաւատքին մէջ։ Ան կոչ ուղղեց նաեւ երկրի բոլոր քրիստոնեաներուն ու իսլամներուն համերաշխ եղբայրութեամբ ապրելու եւ միասնաբար պայքարելու բռնութեան դէմ։  
Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը իր կարգին ողջունեց սրբազան պապը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր եռօրեայ պատմական այցելութեան համար, նեցուկ կանգնելով երկրի միասնականութեան ու անկախութեան։ Նախագահը ապահովեց, որ Լիբանան հաստատ պիտի պահէ իր կապերը սուրբ Աթոռին հետ եւ հաւատարիմ պիտի մնայ իր առաքելութեան ու իւրայատուկ դերին իր միջավայրին մէջ։
Խօսքերէն ու հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը օդանաւ բարձրացաւ եւ վերադարձաւ Վատիկան:

       


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ