Վատիկան
''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն'' (Ղուկաս, 2, 14):
Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի, սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ։
Յիսուսի Ծնունդի գիշերը Բեթղեհէմի հովիւներուն երեւցած հրեշտակներու տաղը իմս կ'ընեմ։
Երգ մը որ երկինքը երկրին կը միացնէ, երկնքին ուղղելով փառք ու մարդոց երկրին` խաղաղութեան մաղթանք։
Բոլորը կը հրաւիրեմ միանալու այս տաղին` որ գիշերը հսկող ամէն մէկ այր ու կնոջ համար երգ մըն է, ամէն մէկուն որ յոյս ունի աւելի լաւ աշխարհի մը, որ խնամք կը տանի ուրիշին եւ կը փորձէ խոնարհութեամբ կատարել իրեն պարտականութիւնը։
''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ''.
Սուրբ Ծնունդը մեզ կը հրաւիրէ փառաբանելու զԱստուած, որովհետեւ Ան բարի է, հաւատարիմ է ու ողորմած։
''Խաղաղութիւն մարդկանց''.
Իսկական խաղաղութիւնը իրարու հակառակ ուժերու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը չէ։ Խաղաղութիւնը ամենօրեայ յանձնառում մըն է, որ յառաջ կը տարուի սկսեալ Աստուծոյ պարգեւած շնորհքէն տրուած` Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
«Նայելով Մանուկին, մտաբերենք բոլոր մանուկները որոնք զոհ են պատերազմներուն, մտածենք տարեցներուն, հիւանդներուն, չարաշահուած կանանց մասին...» ըսաւ Քահանայապետը, որ ակնարկեցլով Սուրիոյ պատերազմին՝ ըսաւ որ ան «ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն յառաջացուցած է«։
«Շարունակենք աղօթել Տիրոջ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը - որպէսզի Սուրիոյ սիրեցեալ ժողովուրդին խնայէ նոր տառապանքներ եւ հակամարտող կողմերը վերջ դնեն բռնութիւններուն ու մարդասիրական օժանադակութիւններու անցքը ապահովեն»։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա ակնարկեց աղօթքի ուժին ըսելով` «Տեսանք թէ որքան զօրաւոր է աղօթքին ուժը եւ ուրախ եմ որ մեր այս աղերսանքին միացան նաեւ այլ կրօններու հաւատացեալներ։ Չի կորսնցնենք ուժը ըսելու. «Տէր, տո՛ւր Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի խաղաղութիւն»։
«Խաղաղութիւն տուր մարդոցմէ մոռցուած Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան։ Նպաստէ Հարաւային Սուտանի մէջ հաշտութեան։ Դուն՝ խաղաղութեան Իշխան, բարեփոխէ բռնարարներու սրտերը որպէսզի մէկդի դնեն զէնքերը եւ դիմեն երկխօսութեան ճանապարհին։ Նայիր Նիճերիոյ։ Օրհնէ հողը զոր ընտրեցիր աշխարհ գալու համար, եւ ըրէ որ իսրայէլացիներու ու պաղեստինցիներու միջեւ բանակցութիւնները յանգին լաւ արդիւնքի մը։ Բուժէ, Տէր, Իրաքի վէրքերը։
«Դուն` կեանքի Տէրը, պահպանէ անոնք որ քու անունիդ համար կը հալածուին։ Յոյս ներշնչէ գաղթականներուն ու փախստականներուն։ Ըրէ որ անոնք գտնեն հիւրընկալութիւն եւ օգնութիւն եւ այս տարուայ ընթացքին պատահած ողբերգութիւններու ականատես չ'ըլլանք այլեւս։
«Բեթղեհէմի Մանուկ, խօսէ մարդավաճառ մարդոց սրտերուն, որպէսզի անդրադառնան մարդկութեան դէմ գործած իրենց ոճիրին։ Նայուածքդ ուղղէ այն մանուկներուն, որոնք կ'առեւանգուին, կը վիրաւորուին ու կը սպաննուին պատերազմներու ընթացքին, եւ բոլոր անոնց որոնցմէ կը խլուի իրենց մանկութիւնը։
«Երկնքի ու Երկրի Տէր, նայէ մեր այս մոլորակին, որ շատ անգամ մարդոց ագահութեան ու անձնասիրութեան պատճառաւ շահագործուած է։ Թիկունք կանգնիր անոնց որոնք բնական աղէտներու զոհ են, մանաւանդ Փիլիպպեան կղզեխումբի ժողովուրդին որ վերջերս թիրախ եղաւ մրրիկին։
«Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս աշխարհին մէջ, այս մարդկութեան մէջ, այսօր ծնաւ մեր Փրկիչը` Քրիստոս մեր Տէրը։ Պահ մը կանգ առնենք Բեթղեհէմի Մանուկին դիմաց։ Թոյլ տանք որ մեր սիրտը յուզուի եւ Աստուծոյ քնքշութեամբ տոչորուի։ Աստուած մեծ է սիրոյ մէջ։ Աստուած խաղաղութիւն է։ Խնդրենք Իրմէ որ մեզի օգնէ, որպէսզի ամէն օր, մեր կեանքին մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր քաղաքին ու մեր երկրին մէջ ու համայն աշխարհի մէջ, կերտենք խաղաղութիւնը»։
http://hy.radiovaticana.va/news/2013/12/25/%D5%A1%D5%B2%D6%85%D5%A9%D6%84%60_%D5%BD%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%AB%D5%B8%D5%B5,_%D5%BD%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%A2_%D5%A5%D6%80%D5%AF%D6%80%D5%AB,_%D5%B8%D6%82_%D5%B0%D5%A1%D5%B4%D5%A1%D5%B5%D5%B6_%D5%A1%D5%B7%D5%AD%D5%A1%D6%80%D5%B0%D5%AB_%D5%B4%D5%A7%D5%BB_%D5%AD%D5%A1%D5%B2%D5%A1%D5%B2%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%A5%D5%A1%D5%B6/arm-758665