Պէյրութ, Լիբանան
Հինգշաբթի 24 Դեկտեմբեր 2008-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Մարգարէութիւններու ընթերցում, որմէ ետք ժամը 6:00-ին, Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերեջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքի, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մատուցեց Ճրագալոյցի Պատարագը եւ հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց իր պատգամը: Հայր Վարդան սկսելով ըսաւ թէ Եղիա մարգարէն նախատեսած էր թէ, « Աւտուած պիտի գայ իբրեւ հովիւ մը պիտի հովուէ իր հօտը եւ իր բազուկեվ պիտի հաւաքէ գառնուկները ու զիրենք պիտի կրէ իր գրկին մէջ եւ մայր ոչխարները հանգստավայր պիտի առաջնորդէ»: Մէջբերելով Ս. Յովհաննէսի յայտնութեան գիրքէն, քարոզիչ վարդապետը հաստատեց թէ Յիսուս եղաւ բարի հովիւը եւ խնդրեց մարդոցմէ նմանին իրեն որպէսզի ժամանակներուն լրումին բոլորս ալ հաւաքուինք մէկ ոչխարի շոււրջ, որ գառնուկն է Աստուծոյ: «Աստուած խոնարհեցաւ մինչեւ մարդը որպէսզի մարդը փրրկէ անոր հպարտութենէն», եզրափակեց հայր Վարդան:
Ճրագալոյցի պատարագէն ետք, Ամեն. Հոգեւոր Տէրը նախատօնակ կատարեց եւ կարդաց Ծննդեան Աւետարանը:
ժամը 9:30-ին տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի աւանդական Ս. Ծննդեան տօնահանդէսը Արարատեան սրահին մէջ:
Յայտագրի բացումը կատարուեցաւ ՛՛Խորհուրդ Մեծ՛՛-ով, Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սկաուտախումբի քայլերգներով, ապա խօսք առաւ սկաուտախումբին Ընդհանուր Խմբապետը՝ Միհրան Այնէճեանը, որուն յաջորդեց սկաուտախումբին Հոգեւոր Հօր, Հայր Վարդան Գազանճեանին խօսքը: Այս ձեռնարկը բոլորեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտախումբի հիմնադրութեան 80-ամեակի տարեշրջանը ըլլալով այս տարեշրջանի 7-երորդ ձեռնարկը նուիրուած այս տօնին ՛՛Օ՜ն Յառաջ Դէպի 100 Ամեակ՛՛ խորագրով: Տօնահադէսին մասնակցեցան բոլոր խումբերը.-գայլիկները, մրջնիկները, արիները, արենուշները, երէցներն ու խմբապետական կազմը, որ ներկայացուցին պարեր, երգեր եւ թատերախաղեր: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Արհի. Հայր Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանը, գերյ.Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը, զանազան սկաուտախումբերու եւ այլ միութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին անդամներ եւ ներկայ անդամներու ծնողներ ու բարեկամներ:
Յայտագրի աւարտին ներկանները ուղղուեցան դէպի Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցի ուր Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս՝ Արհի. Տէր
Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան մատուցեց Ս. Ծննդեան կէս գիշերուայ Ս. Պատարագը մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի սկաուտներուն:
Այս առիթով իր փոխանցած պատգամին մէջ Արհի. Գերապայծառ Տէրը ըսաւ թէ Քրիստոս աշխարհի վրայ ունեցաւ 3 ծնունդ: Առաջինը՝ Քրիստոսի ծնունդն է Բեդղեհէմի մէջ, երկրորդը՝ Յիսուսի ծնունդները որ կը կատարուին Ս. Պատարագի ընթացքին եկեղեցւոյ խորաններուն վրայ իջնելով Ս. Միւռոնով եւ արիւնով, իսկ երրորդը Քրիստոսի մուտքը փառքին մէջ Իր յարութեամբ եւ համբարձումով: Արդ, այս երեք ծնունդները որպէսզի պտղաբեր ըլլան մեր կեանքի ընքացքին, Արհի. Տէրը շեշտեց անհրաժեշտութիւնը 4-րդ ծնունդի մը, որ կը կատարուի իւրաքանչիւրիս հոգիէն ներս: Քարոզի աւարտին Արհի. Տէր Յովհաննէս Թէյրուզեան հրաւիրեց ներկաները աշխատիլ Քրիստոսը արտացոլացնել իրենց առօրեայ կեանքին մէջ:
Ս. Պատարագի աւարտին հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի փակէն ներս:
Ուրբաթ 25 Դեկտեմբեր 2008-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան մատուցեց Ծննդեան Ս. Պատարգը, որուն սպասարկեցին Հ.Կ.Մ.ի պատանիները: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ տնօրհնէք եւ ապա հիւրասիրութիւն: