Չորեքշաբթի, 6 Յուլիս 2011 - Հայ երիտասարդ լրագրողներու այցը՝ Հ.Հ. Սփիւռքի նախարարութիւն

 

 

Երեւան

 

Չորեքշաբթի, 6 յուլիս 2011, առաւօտեան ժամը 11-ին, Սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոցին մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութիւն, ուր ծանօթացան նախարարութեան տարբեր բաժիններուն ու գործող գրասենեակներուն։ Այնուհետեւ մասնակցեցան նախարար տիկին Հրանուշ Հակոբեանի մամլոյ ասուլիսին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ նախարարութեան տարբեր ծրագիրներուն ու համահայկական նախաձեռնութիւններուն։

Յիշենք, որ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի մամլոյ գործակից՝ հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ կայքէջի աշխատակից Համբի Էլմաճեան կը մասնակցին նշեալ երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման ծրագրին։


Առօրեայ Աւետարանը
Այբ Էջ | Բովանդակութիւն | Հասցէարան | Օգտակար Կապեր | Նամականի
Ներքին Պրպտում՝  Armenian Keyboard
Կարդացէ՛ք այս էջը հետեւեալ լեզուներով.-    
Վերարտադրութեան ամէն իրաւունք վերապահուած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ